ԳԵՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԱՖԷՍՃԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ այս շրջանին կը սկսի «Գեղագրութեան դասընթաց Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ» խորագրեալ նախագիծը։ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնն ու Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը միասնաբար ձեռնարկած են այս ծրագրին։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 111 հազար 193 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1673 նոր վարակեալ։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան վաղը՝ 10 սեպտեմբերին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Էսթոնիոյ դիմաց։ Այսպէսով, սպանացի աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորութեամբ հայկական ընտրանին ապահովեց իր առաջին յաղթանակը։
«Ցաւալի է տեսնել ատելութեան հրահրումը ո՛չ միայն մեր տարածքաշրջանէն ներս, այլեւ զայն տեղափոխելու փորձերը անոր սահմաններէն դուրս»:
Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ ազատուեցաւ իր աշխատանքէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ կարգադրութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի կողմէ։
Forbes հանդէսը կ՚անդրադառնայ, որ Gucci-ի հայազգի բնորդուհին կը փոխէ գեղեցկութեան մասին չափանիշային պատկերացումները։ Այսպէս, Gucci-ի հայազգի բնորդուհի Արմինէ Յարութիւնեանի «ոչ-աւանդական» արտաքինը քորոնաժահրի համավարակի հանգստեան օրերուն Իտալիոյ մէջ համաժողովրդական բանավէճ յառաջացուցած է գեղեցկութեան չափանիշներու, նմանակայինի եւ «պատի շէյմինկ»ի («մարմնի խայտառակութիւն») շուրջ:
Կիւմրիի գեղանկարիչները իրենց գործերը կը ցուցադրեն քաղաքային ցուցասրահին մէջ։ Այսպէս, Կիւմրիի նկարիչները արդէն ունին ցուցասրահ, ուր կրնան ցուցադրել իրենց գործերը՝ առանց տարածքի համար վճարելու: