«ՔՈՐՈՆԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՆԳՍՏԱՑԱՅ»
Ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Մարիոն Քոթիար Harper՚s Bazaar ամսագրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմած է քորոնաժահրի համավարակի եւ այդ ամիսներու ընթացքին իր մտորումներու մասին։ 44 տարեկան դերասանուհիի խօսքով՝ համավարակի ու ինքնամեկուսացման այդ ամիսները շատ հաճելի էին, որովհետեւ ինք ըստ բաւականի հանգստացած է։
Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա կը վերաթողարկէ «Կնքահայր 3»ը։ Այսպէս, Ֆրանսիս Ֆորտ Քոփփոլա յայտարարած է, որ կ՚աշխատի «Կնքահայր 3»ի նոր տարբերակի վրայ։
Թողարկուած է Տենիըլ Քրէյկի մասնակցութեամբ «Մեռնելու ժամանակը չէ» ժապաւէնի նոր ցուցադրութիւնը։ Առցանց հարթակի վրայ յայտնուած է Ճէյմս Պոնտի մասին յառաջիկայ շարժանկարի նոր առաջնացուցադրութիւնը։
ՄԱԿ-ի մէջ յայտնած են լաւագոյն երկիրը երեխաներու ապրելու համար։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը (ԻՒՆԻՍԷՖ) կատարած է հետազօտութիւն մը, որու արդիւնքով՝ Հոլանտան տեղաւորած է այն երկիրներու վարկանիշի առաջին հորիզոնականին մէջ, որ կազմուած է ըստ երեխաներու բարեկեցութեան մակարդակի:
Սպանիայի ոստիկանութիւնը Ժոան Միրոյի կորսուած կտաւը գտած է Լոնտոնի մէջ աճուրդի մը ընթացքին։ Այսպէս, Սպանիայի ոստիկանութիւնը Լոնտոնի աճուրդի ընթացքին գտած է Ժոան Միրոյի՝ տեղափոխելու ժամանակ կորսուած կտաւը. զայն վերադարձուցած են օրինական տիրոջը:
Ալեքսանտր Աճեմեանի «Իմ սիրոյ հասակ» երգը կը մատուցուի նորովի։ FairWind հայկական ռաք խումբը երկրպագուներու դատին յանձնած է յօրինող Ալեքսանտր Աճեմեանի «Իմ սիրոյ հասակ» յայտնի երգի սեփական մեկնաբանութիւնը՝ «Սիրոյ հասակը»:
Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնականներէն Հիքմէթ Հաճիեւի հետ, որ պատասխանատու է արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գծով։ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ 103 հազար 925 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1703 նոր վարակեալ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Սուրիոյ մէջ էր՝ 7 տարուայ ընդհատումէ մը վերջ , իսկ այսօր կ՚այցելէ Յունական Կիպրոս:
Մոնրէալի մէջ զետեղուած Կոմիտասի կիսանդրիին հեղինակն է Մկրտիչ Տարաքճեան: