ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի՝ վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններու շղթային վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն աւելցաւ նոր օղակ մը։ Այսպէս, կալանաւորուեցաւ յայտնի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին շրջանին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէին երկրի օրակարգին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։ «Վահտետտին» ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու հանդիպումը, որու ընթացքին շօշափուեցան Անգարա-Պելկրատ համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ շրջաններու ուղղեալ թիրախաւորուած աշխատանքներու արդիւնքները հետզհետէ սկսած են նկատելի դառնալ եւ յառաջիկայ շրջանին ի յայտ պիտի գայ, որ քորոնաժահրով նոր վարակուածներու թիւը եւ ընդհանրապէս համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնուած է։
Ուքրայնոյ Խարքովի շրջանէն ներս անկում ունեցաւ ռազմաօդանաւ մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքին հետեւանքով 25 հոգի զոհուեցաւ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտը դրուեցաւ արեւելեան Միջերկրականի վրայ։
Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը մասնաւոր ծրագիր մը պատրաստած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Այսպէս, վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ մասնաւոր համերգ մը, «Կոմիտասին 151» խորագրին ներքեւ։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս շրջանին կ՚իրականացնեն «Կովկաս-220» զօրավարժութիւնները։ Ռազմավարական, հրամանատարաշտապային բնոյթ ունին այս ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ՚ունենան «Ալագեազ» զօրավարժարանէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս երէկ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։