ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՈՒՄ
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի ծաւալուն աշխատանքային օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար տարուած ջանքերը:
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի ծաւալուն աշխատանքային օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար տարուած ջանքերը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ քննարկուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկ մը, որով կը նախատեսուէր երկրէն ներս բաւ համարել ռազմական դրութիւնը։ Այս նախագծի քննարկման ժամանակ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն՝ երկրի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ մտահոգիչ պատկերին համապատասխան։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։
Փաշինեան անհրաժեշտ կը համարէ Արցախի հիմնախնդրի բանակցային գործընթացի վերականգնումը:
Նախարար Արա Այվազեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն հետ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Խումբ մը ծերակուտականներ պատրաստած էին նախագիծ մը, որով կ՚առաջարկուէր ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու դէմ ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ խորհրդարանը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով երկրէն ներս ռազմական դրութեան բաւ համարուելու նիւթը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ըստ իրեն, եթէ Հայաստան դատարկէ իր բռնագրաւած տարածքները եւ սկսի բնականոնացումը, ապա Թուրքիա այս նիւթերուն շուրջ քայլեր պիտի առնէ Ատրպէյճանի հետ։
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ կապ հաստատեց նաեւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ:
Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի հետ կը շօշափէ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաարգելափակման եւ տնտեսական համագործակցութեան վերաբելեալ հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներու յաղթահարման անյետաձգելի գործին ձեռնարկելու համար կարելի չ՚ըլլար քաղաքական նոր կլիմայ մը ստեղծել:
Հայաստանի ներքին տագնապը պատճառ կը դառնայ ժամանակի մսխումի: Կառավարութեան կազմի փոփոխութիւնները անհեռանկար: Յայտնի գործիչներ հացադուլի սկսան: