ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի կողմէ։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին նոյն իրաւունքները։
«Արցախէ ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը ընդունելի է հայկական կողմին համար»:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ չեն համընկնիր Մոսկուայի եւ Անգարայի դիրքորոշումները։ «Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին՝ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւնները 30 տարուայ ընթացքին արդիւնք չէ տուած, ապա սա չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն-լարուած իրավիճակը։
«Եւրոպայի լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով նախընթաց օր տեղի ունեցան բազմաթիւ ֆութպոլի հանդիպումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա. խմբակէն «Ա. Սէ. Ռոմա», որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Եանկ Պոյզ»ին:
«ՖԻՖԱ»ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան նորոգ հանգուցեալ երեսփոխանի փառաշուք յուղարկաւորութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։