ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
Մեր թատերական աշխարհի յայտնի աստղերէն Պերճուհի Պէրպէրեան ներկայ Ամանորի սեմին ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım»։ Երկար տասնամեակներ Պերճուհի Պէրպէրեան գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս դերասանուհի եւ բեմադրիչ։
Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական ուժերը խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց՝ 2021 թուականին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր կը պահանջուի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը՝ մինչ իրեն նկատմամբ վստահութիւնը նուազագոյնէն ալ աւելի ցած է։
Հայաստանի կառավարութեան շէնքը երէկ 5 ժամ ընդդիմադիր ցուցարարներու շրջափակման տակ մնաց: Ոստիկանութիւնը խստիւ միջամտեց եւ ձերբակալութիւններ կատարեց: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նստացոյցերը շարունակուեցան: Երեկոյեան Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի երթեւեկը կասեցուեցաւ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազանգերով շնորհաւորեցին Իլհամ Ալիեւի ծննդեան 59-րդ տարեդարձը:
Անթիլիասի հոգեմտաւոր արժէքներուն՝ ձեռագրերու, հնատիպերու եւ գիրքերու նիւթին շուրջ, վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագրերու ու հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։
İstanbul Kültür A.Ş.-ի հրատարակած գրքի շնորհանդէսին Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան:
Երեւանէն այս առաւօտ հասած դրուագները դարձեալ խորապէս մտահոգիչ պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին բերումով երկիրը կը մնայ քաղաքական տագնապի ճիրաններուն մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար ապահոված եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներու գործադրութեան ընթացքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ելոյթ մը ունենալով կրկին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ հայկական աղբիւրներու մօտ։
Հայկական մարզաշխարհը կը սգայ ֆութպոլի առասպելական աստղերէն Արքատի Անդրէասեանի մահը։ 73 տարեկան հասակին ան մահացաւ Երեւանի մէջ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց։