ՀԲԸՄ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ԼԾՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։
Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ քաղաքապետարանի շէնքերը երէկ գիշեր լուսաւորուեցան Լիբանանի դրօշակով՝ որպէս զօրակցութեան նշան Պէյրութի ահաւոր պայթումին յաջորդած առկայ ցնցումի մթնոլորտին մէջ։ Այս դէպքին զոհ գացած է 157 հոգի, որու 11-ը հայ է։ Արդէն յայտնի են լիբանանահայ զոհերու անունները. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժագ Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան, Վարուժ Թոսունեան եւ Սարգիս Թեքիլեան:
Լիբանանին հրատապ օգնութիւն փութացնելու հրամայականը միջազգային ընտանիքի օրակարգին վրայ։
Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատու մը 64 քիլօմեթր քայլած է, որպէսզի վերադառնայ տուն: Կարֆիըլտ անունով կատուի տէրերը՝ Նիըլ եւ Լեսա Փէյն, կատուն տուած են մէկ այլ ընտանիքի: Մէկ քանի շաբաթ վերջ երեք տարեկան կատուն փախած է նոր տէրերէն:
Աւստրալիոյ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բնակող ընձուղտը հռչակուած է աշխարհի ամենաբարձրահասակը ու արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։
Յունաստանի մէջ բացուած է ստորջրեայ թանգարան մը։ Յունական առաջին ստորջրեայ թանգարանը բացուած է Ալոնիսոս կղզիի մօտակայքին՝ Եգէական ծովու արեւմտեան շրջանի մասին մէջ, ուր Ն.Ք. 425 թուականին խորտակուած էր գինիի հազարաւոր սափորներ տեղափոխող նաւը: