Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ երկրէն բարձրանամ, բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։ Բարձրացումը Խաչին վրայ կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկինք բարձրացումը։ Մին միւսին սկիզբն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Քրիստոնէական աշխարհի համար եւս մէկ կարեւոր տօն է Համբարձումը, որուն խորհուրդը կը յիշեցնէ Տիրոջ երկրային առաքելութեան աւարտը եւ Իր երկինք համբառնալը՝ փառքով եւ յաւիտենական իշխանութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս անակնկալ կերպով եւ մեծ ուրախութեամբ ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ եւ խոստմնալից միաբաններէն՝ Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին գիրքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ երիտասարդական հաւաքի մը ժամանակ մի քանի անհատներ հետեւեալ միտքը բարձրացուցին. սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը չկրցաւ իր ուրոյն գրականութիւնը ստեղծել. չկրցաւ ստեղծել հարթակ մը, որ դառնայ սփիւռքահայութեան ձայնը եւ սփիւռքահայութիւնը առաջնորդէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եւ նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ եւ դուն զԻս պիտի փառաւորես». (ՍԱՂՄ. Ծ 15)։ «Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք, որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Արեւ» օրաթերթը տեղ տալով Դուրեան արքեպիսկոպոսի սպանութեան, իր օրուան թիւին մէջ սպանութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «Տէր Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս Դուրեան, իր կոչումին եւ պարտականութեան նուիրուած ամենավսեմ մէկ վայրկեանին, երբ մէկ ձեռքը խաչ եւ միւսը բուրվառ առած, սիրտէն ու շրթներէն աղօթք եւ օրհնութիւն ծորելով՝ Տիրոջ Ս. Սեղանը կը վերելակէր շարունակելու համար Ս. Պատարագը՝ իբրեւ նոր Զաքարիա մարգարէ մը, դաշունահար կ՚իյնայ սեղանի աստիճաններուն վրայ:
Երէկ, Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը: Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց այս հանդէսը՝ մանաւանդ, որ կրթական կեանքէ ներս առաջին քայլափոխին փոքրիկ սաները արձանագրած էին ծափահարելի յաջողութիւն մը:
Շաբաթավերջին, Գարակէօզեան տան կողմէ կազմակերպուած երաժշտական փառատօնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: «Երաժշտական արշաւ» անուանումին ներքեւ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը:
«Յոյս» միութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ իր գործունէութիւնը՝ նորընտիր վարչութեամբ:
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած «Օրթաքեան» պարախումբին ելոյթը պիտի համախմբէ զօրակիցներ եւ համակիրներ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ մը ուղարկեց Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Շիօ Գ.-ին: Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է հետեւեալը.
«Ձեր ընտրութիւնը վառ վկայութիւնն է վրաց եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին բերած ձեր տարիներու նուիրեալ սպասաւորութեան:
Ներկայ ամառնամուտին, երբ եղանակը հետզհետէ բարենպաստ կը դառնայ, Երեւանի մէջ մշկութային կեանքն ալ զուգահեռաբար կը վերակենդանանայ։ Մասնաւորապէս բացօթեայ ձեռնարկներուն տեսակէտէ աշխուժութիւնը հետզհետէ զգալի կը դառնայ մայրաքաղաքի կեդրոնին։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Տոհա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նախարար Ֆիտան օրուան ընթացքին ընդունուեցաւ՝ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Սանիի, վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի, փոխ-վարչապետ ու պաշտպանութեան գծով պետական նախարար շէյխ Սուուտ պին Ապտուրրահման պին Հասան ալ Սանիի, ինչպէս նաեւ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի անդամ Խալիլ Հայյէի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ դիւանակալական բնոյթով նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուրին սկսելուն համար: Սա Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ, 2022 թուականէն ի վեր յառաջ տարուած բնականոնացման գործընթացի շրջանակներէն ներս առնուած քայլ մըն է՝ միտուած փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատ տարիներ առաջ էր, երբ Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուած ու այս երկիրը հաստատուած էինք, երեք եղբայրներով, հազիւ տուն տեղ եղած, ակամայ, զանազան յարգելի պայմաններու բերումով, յանկարծ իրարմէ կը բաժնուէինք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պահեր կան, առիթներ կան, ձեռնարկներ կան, մանաւանդ՝ անհատներ կան, որոնք իրենց տաղանդով, պարզութեամբ, խոնարհութեամբ, բայց միաժամանակ նաեւ իրենց ճշմարիտ մեծութեամբ, մարդը կը կտրեն իր առօրեայի անվերջ վազքէն, մտահոգութիւններէն, դժուարութիւններէն ու ներքին նեղութիւններէն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց. «Ներառական, ազատական եւ քաղաքային սահմանադրութեան մը մշակումը մեր առջեւ կանգնած է՝ մեր ժողովրդավարութիւնը ներքեւէն դէպի վեր վերակառուցելու հնարաւորութիւնը ընձեռելու հեռանկարով»։
«Քրիստոնեայի համար յոյսը երեւակայութիւն չէ, այլ Քրիստոսի կենդանի վկայութենէն բխած վստահութիւնն է»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի յաջորդ տարուան պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Փրովիտընսի մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ երաժշտութեան մեծն երախտաւոր Կոմիտաս վարդապետի կեանքին մէջ 20-րդ դարու առաջին տարիները կը ներկայանան որպէս իսկական վերածնունդի շրջան մը՝ միաժամանակ բեկումնային, բեղմնաւոր եւ ազգային նշանակութեամբ ալ՝ վճռորոշ։
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյ այցելեց Շիշլի մարզակումբը: Ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու:
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
4. Եթէ եկեղեցւոյ գլուխ կամ անկեան վէմ փնտռելու ըլլանք, Քրիստոսէ զատ չենք կրնար գտնել. եթէ այս հիմքին համար քարեր փնտռենք, միայն Պետրոսը չէ, այլ՝ առաքեալներն ու մարգարէներն ալ իրեն հաւասար են.