Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

Շիշլի մարզակումբը արդէն եզրափակեց ձմրան շրջանի աշխատանքը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ակումբը զանազան ճիւղերու մէջ կազմակերպեց դասընթացքներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան այցելեց Էսաեան վարժարան: Ծանօթ է, որ ան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս եւ օգտուելով առիթէն կ՚այցելէ զանազան վարժարաններ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ աշակերտներու օրհնութեան կարգ, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միջին դարը շատ երկար ժամանակամիջոց մը կ՚ամփոփէ իր մէջ, 476-էն եւ կամ 568-էն կամ նոյնիսկ 700-էն մինչեւ 1492, եւ կամ 1517. շուրջ տասնեակ մը դարեր։ Միջին դարը ծնունդ կ՚առնէ Հռովմէական կայսրութեան աւերակներուն վրայ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 90 տարիներ առաջ՝ 1932-1934 թուականին, «Պայքար» թերթին մէջ գրասէր մը կը խոստանայ նիւթական պարգեւ տալ «Ինչպէ՞ս պէտք է ցեղային գիտակցութիւնը մշակել նոր սերունդին մէջ» հարցումին պատասխանողին։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Պելժիոյ համայնքէն ներս վերջին օրերուն յատկանշական իրադարձութեան մը վերածուեցաւ՝ նոր սերունդին ուղղեալ կազմակերպուած ճամբարը։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ճամբարը, որ կազմակերպուած էր երկրի հայկական եկեղեցական համայնքին ջանքերով։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վերընտրեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան՝ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տարուած յաղթանակին կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը կը մեկնաբանուի նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ապագային տեսակէտէ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս փուլին դրական պատգամներու փոխանակումը կը շարունակուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Յոյս» միութեան ներկայացուցիչները: Վարչութեան ատենապետ Լեւոն Եըլտըրըմեան եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ իրերօգնութեան եւ համագործակցութեան հարթակի մը ձեւաչափով գործունէութեան ձեռնարկած այս միութեան վերջին շրջանի աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առաջադրութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը: Հարկ է նշել, որ դպրոցը մանկապարտէզի երեք դասարան ունի:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, շաբաթավերջին կազմակերպուած աւանդական բաժակի օրուան ի շարունակութիւն՝ Էսաեան վարժարանի այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտները դարձեալ համախմբուեցան պատմական կրթօճախի համալիրէն ներս:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանը, վարչայիններէն Նորեկ Տատըրօղլուն եւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երէկ, սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Յակոբ Այնթապլեան, որ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի, Մխիթարեան վարժարանէն ներս հաճելի զրոյց մը ունեցաւ աշակերտութեան հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը. քննարկուեցան համայնքի օրակարգային հարցերը:
Նորին Ամենապատուութիւնը Էրտողանի նկատառման յանձնեց մանաւանդ՝ Իսքենտէրունի եւ Տիարպաքըրի եկեղեցիներու վերանորոգման առկայ խնդիրները:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բոլոր պատերազմներուն մէջ, թերեւս, ամենէն անտանելի ու ամենէն դժուար ընդունելի կորուստը երեխաներու մահն է։ Զինուորը գիտէ, որ պատերազմի կ՚երթայ, մեծահասակը կրնայ հասկնալ վտանգին գոյութիւնը, բայց մանկութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ նշանառութեան թիրախ։ 

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Քանի՞ հատ են Եկեղեցւոյ խորհուրդները, որո՞նք են: 2. Ի՞նչ կը նշանակէ խորհուրդ: 3. Ինչո՞ւ Ս. Խորհուրդ կ՚ըսենք: 4. Քանի՞ տեսակ է: 5. Ինչէ՞ն յայտնի է եօթը հատ ըլլալը:

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայագիտութեան մեծ երախտաւոր, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանի անունը լսելուն պէս՝ մեր միտքին մէջ անմիջապէս կը պատկերանան անոր բազմահատոր արմատական կամ ձեւաբանական բառարանները, լեզուաբանական անգերազանցելի ուսումնասիրութիւնները։

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այս արագընթաց աշխարհին մէջ մարդիկ յաճախ կորսնցուցած են անցեալին հետ իրենց կապը։ Ամէն օր նոր տեղեկութիւններ, նոր պատկերներ եւ նոր փորձառութիւններ կը լեցնեն մեր կեանքը, սակայն, մարդ միայն ներկան ապրելով չի կրնար ամբողջական ըլլալ։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած, բանական միեւնոյն հոգիով օժտուած բոլոր մարդիկ նոյն ծագումը եւ նոյն բնութիւնը ունին։ Եւ ուրեմն ամէնքն ալ հաւասար արժանապատուութիւնը ունին։ 

Էջեր