Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Որդեգրել» կը նշանակէ՝ ուրիշին զաւակը՝ կամ լքուած որբ մը օրինաւոր կերպով քովը առնել, խնամել, հոգալ եւ մեծցնել, հասցնել։ Ուրիշ խօսքով՝ առանց արենակցութեան, մէկը «զաւակ» ընդունիլ է որդեգրութիւնը։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չարին՝ Սատանային դէմ մեր զէնքը՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ հանգչի՛լն է։ Պետրոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածն ու անասունը տարբերող հիմնական կէտերէն մէկն ալ հետեւեալն է. անասունը որպէս վերջնական նպատակակէտ կ՚ունենայ իր գոյութիւնը ապահովել։ Ո՛չ մէկ աւելորդաբանութիւն, սակայն, մարդու պարագան տարբեր է։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Մենհեթթընի իր բնակարանէն ներս, իր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է եւ տակաւին մահուան պատճառները յայտնի չեն։ Նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայաշխարհէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած արուեստագէտ մըն էր՝ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած եւ խոր ցաւ յառաջացուցած է համայն հայաշխարհէն ներս։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հեռանկարային կը համարուի Իրանի հետ համագործակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափերով խորհրդատուական հարթակի աշխատանքը յառաջ մղելու ողղութեամբ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Մաքրոնի ուղեւորութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Քուէյթը, ուրկէ ան ծրագիրը կը շարունակէ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Քաթար:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ՄԱԿ-ի կենսաբանական բազմազանութեան համաժողովի բացման հիասքա՜նչ արարողութիւնն ու ընթացող միջոցառումները առիթ եղան ու դեռ ե՛ն, տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ պետութիւն ենք մենք, հաստատեցին ընկերային բոլոր հարթակներու էջերուն վրայ տեղադրուած մեկնաբանութիւնները:
Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ՝ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու 17-րդ համաժողովը (COP-17): Այս համաժողովի շրջանակներէն ներս բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի՝ համաշխարհային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Ռայլի Պառնս եւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Պրայն Պըրչ այցելեցին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։
«Յանկարծ» թատերախումբը Իսթանպուլի մշակութային կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ։ Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը հանդէս եկաւ՝ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ նախագահ ընտրուելուն 35-ամեակին առթիւ, Երեւանի «Էլիթ փլազա» գործարարական կեդրոնին մէջ, հոկտեմբերի 16-ին, տեղի ունեցաւ նշանակալից ձեռնարկ մը, որ համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանան կը խուսանաւէ Իսրայէլի ճնշումներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախապայմաններուն միջեւ:
Պէյրութին ուղղեալ հակասական անկնկալութիւնները այլեւս սահմանափակուած չեն միայն «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շաբաթ օր մըն էր:
Համբիկը իր մայրիկէն արտօնութիւն առնելէ ետք շտապեց հասնիլ թաղի այգին, ուր ընկերներով ժամադրուած էին խաղալու համար: Երբ այգի հասաւ, միայն Վիգէնը գտաւ այնտեղ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար զոր տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Այսօր եւս կը պատահին հրաշքներ, թէ՛ անհատակ, թէ՛ հաւաքական կեանքերու մէջ, եւ ալ պիտի պատահին միշտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պոլսոյ մասին կարծիք կազմելու լաւագոյն միջոցը պոլսահայուն հետ խօսիլն է։ Այս համոզումով պոլսահայ մտաւորականի մը տուի հետեւեալ հարցումը. «Քսան տարի ետք Պոլսոյ հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը տեսնէք»։ Պատասխանը այնքան ալ լաւատես չէր. «Քսան տարին շատ է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային բնաւորութեան ամենէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը թերեւս չարիքի գոյութիւնը չէ, այլ այն հանգամանքը, որ մարդը կրնայ չարիք մը գործել՝ առանց պահ մը իսկ կանգ առնելու եւ իր արարքներուն մասին մտածելու։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէճեան վարժարանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքզինք «հաւատացեալ» համարող ամէն մարդու մեծագոյն թշնամին հպարտութիւնն է։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «… չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ…». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 7)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի ու գրականութեան էջերէն մի՛շտ կարդացած ենք Պոլիսի մասին։ Թէ՛ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ թէ գրական ու մշակութային կեանքէն ներս Պոլիսը ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը եւ սերունդներ այդ մէկը լաւագոյնս մեծարած են իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ։
Խոր ցաւով վերահասուի եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրուած դէմքերէն Թալին Տանձիկեան, որ երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ ու կը ծառայէր անկողնոյ։