Արխիւ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին վեցերորդն էր:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հռոմ։ Ան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Իտալիա՝ որպէս գաւազանակիր ընկերակից ունենալով Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ կար երիտասարդ մը՝ որուն ամբողջ մանկութիւնը անցած էր ծննդավայր գիւղը։ Յետոյ հեռացաւ իր ծննդավայրէն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար։ Յաջողութեամբ աւարտեց իր ուսումը եւ համբաւաւոր, ճարտար բժիշկ մը հանդիսացաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր երբ կը խօսուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կուսակրօն ըլլալ-չըլլալու հարցը, կը յիշեմ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Պայքար»ի մէջ հրատարակուած այն պատմութիւնը՝ որ այլ թերթեր, ինչպէս օրինակ՝ «Արեւ», «Ազդակ», «Հ. Կոչնակ» եւ այլ թերթեր արտատպած են. գրութեան հեղինակը Պ. Ա. Նազարն է. ըստ պատմութեան՝ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Կարապետ Եպիսկոպոս իր աւարտական աշակերտները կը համոզէ, որպէսզի նուիրուին կուսակրօնութեան եւ ձեռնադրութենէն օրեր առաջ զանոնք կը տանի վեհարան՝ կաթողիկոսին օրհնութիւնը ստանալու համար:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

«Հին ժամանակներուն, առասպել մը բերանացի փոխանցող իւրաքանչիւր պատմող անպայման բան մը կ՚աւելցնէր անոր վրայ եւ այդ պատճառով ալ չափազանցուած կ՚ըլլան բոլոր առասպելները», Հայոց պատմութեան դասը սորված պահուն բարձրաձայն կարդաց տղաս։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու հոգեբանական զարգացումը արմատներ ունի մանկութեան տարիներուն մէջ։ Մանկութիւնը այն շրջանն է, ուր անհատը կը ձեւաւորուի իբրեւ զգացական, մտաւոր եւ ընկերային էակ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու փորձառու, համակրելի ու նուիրեալ անդամներէն մին վախճանած է. հանգիստ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի։ Տասնամեակներ շարունակ ան պաշտօնավարած էր՝ որպէս Արժանթինի թեմի առաջնորդ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Երէկ, Գիւտ Խաչի տօնին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025

Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը, Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն հանդիպումը:
Կը ծրագրուին միջթեմական կղերականներու համագումար մը եւ թեմական խորհուրդներու միասնական ժողովներ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

ԳՀԽ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ապօրինութիւններու կանխման յստակ սպասումով:
Դատապարտելի է վարչապետի աջակցութեամբ Ս. Պատարագի անուան ներքեւ միջոցառման հոգեկործան նախաձեռնութիւնը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է՝ եզակի ծրագրով մը։ «Կերպի ձեւը. երկխօսութիւն արուեստի եւ նորաձեւութեան միջեւ» իւրայատուկ ցուցահանդէսով սկսաւ Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Յայտնի ու երախտաշատ երեք մտաւորականի կոչում շնորհուեցաւ մայրաքաղաքի աւագանիի որոշմամբ:
Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան պարգեւատրեց Մարք Գրիգորեանը, Աւիք Իսահակեանն ու Տարօն Մուրատեանը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի անվտանգութեան տնօրէն Հիւսէյին Օղուզ Նամլըն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց նորոգ հանգուցեալ տիրահօր՝ Յակոբճան Մաշալեանի կորուստին առթիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ինքնավիպապաշտացում եւ տրամայացում.- Մարդու ողբերգականութիւնը՝ հաւաքականութեան ու մա՛նաւանդ տիեզերքին հետ, անոր մէջ կը կայանայ որ վերջինս յաւերժ է, իսկ մարդը ոչ, իսկ քանի անձ-մարդու համոզմամբ՝ տիեզերքը ընկալումի պէտք ունի ու այդ իրմով կը կատարուի, ուստի տիեզերական յաւերժութիւնը մարդը սպաննող է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները արդէն իսկ յստակ ցոյց կու տան, որ Կազզէի մէջ հաստատուած հրադադարէն ետք կարեւոր փուլ մը պիտի սկսի Լիբանանի պարագային։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025

Էջեր