Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Էյիւպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արտա Մխճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։
Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այցելութիւն մը տուաւ Ֆիլատելֆիոյ մերձակայ Ռանտոռի Հայ քոյրերու վարժարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը շաբաթավերջին մասնակցած էր տեղւոյն Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի ձեռնադրութեան տասնամեայ յոբելեանի գոհաբանական Ս. Պատարագին։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ իրենց տարեկան հաւաքին առթիւ։ 206 տարիէի ի վեր դռները բաց կը պահէ այս կրթօճախը, որու շրջանաւարտից հաւաքը առիթ դարձաւ բացառիկ խանդավառութեան։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ․ Խաժակ արք. Պարսամեան վերջերս մասնակցեցաւ Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) վարչական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի կեդրոնին մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յոբելեան:
Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն ժամանակ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանին նուիրուեցաւ լանջախաչ մը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Վեց տարի առաջ, 2020-ի սեպտեմբերի 27-ին Ատրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում մը ձեռնարկեց Արցախի վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «ռազմական դրութիւն» յայտարարուեցաւ: Հայութիւնը ոտքի ելաւ:
Երէկ, Իսթանպուլի ԱՖԱՏ-ի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան քաղաքիս հայկական փոքրամասնական վարժարաններու շէնքերու ամրութեան խնդիրները։ Այսպէս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան շարք մը կենսական հարցեր, որոնց կապակցութեամբ մտահոգութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային շրջանակներու օրակարգին վրայ են։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ իմաստալից եւ հեռանկարային նախաձեռնութիւն մը, որ միաժամանակ հայուհիի մը ամբողջ կեանքի երազանքին իրականացումն էր եւ քայլ մը՝ դէպի արդիական ու բոլորին հասանելի գրադարանային համակարգ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դասամիջոց էր:
7-րդ դասարանի Խաչիկն ու Կարօն դասարանն էին տակաւին եւ դուրս չէին եկած շրջափակ: Կը զրուցէին՝ ուսուցիչի պատուհանին մօտ կանգնած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնական օրէնքը, որ ներկայ է իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ եւ վերահաստատուած անոր բանականութեան կողմէ, ընդհանրական է իր պատուէրներուն մէջ, իսկ իր իշխանութիւնն ալ կը տարածուի բոլոր մարդերուն վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի երեսին երբեւէ մէկը պիտի չյաջողի վերջնական հաստատում կատարել, թէ ի՛նչ է հարստութիւնը, որովհետեւ մեզի համար սխալ թուացածը ուրիշին համար ճիշդ, մեզի համար ծայրայեղ ու անհեթեթ եղածը ուրիշի մը համար տրամաբանական կրնայ ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն հինգ տարիներ առաջ՝ 31 Օգոստոս 2021 թուականին ստացայ նամակ մը, որ կը կրէր անոր ստորագրութիւնը: Պարզ ու համեստ բառերու մէջ ամփոփուած էր ամբողջ կեանք մը. «Քառասուն տարիէ աւելի կը ծառայեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհիի ազնիւ ու համեստ ծառայութիւնը հայ մամլոյ անդաստանէն ներս:
Նատիա Գօչունեանի վիթխարի աշխատանքին ձգողականութիւնը մագնիսացուց իր սիրելիներու եւ համակիրներու ուշադրութիւնը՝ զգացումներու տարափի մը պայմաններուն ներքեւ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր բարձր հովանաւորութեամբ, խմբագրութեանս նախաձեռնութեամբ մեծարանքի անմոռանալի հանդիսութիւն՝ ի պատիւ թերթիս բազմավաստակ հրատարակութեան տնօրէնուհիին՝ ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ:
Կեանքի ժամանակը:
Հետեւողականութեան ախոյեան:
Նուիրումի եւ զոհողութեան կերպարը:
Շուրջ կիսադարեայ յամառ աշխատանքի հատուցումը՝ համատարած յարգանք ու համակրանք, հասարակական կեանքէ ներս անվերապահօրէն բարձր գնահատանք:
Համայնքային շրջանակները Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ արձանագրեցին՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս Նատիա Գօչունեանի երախտաշատ դերն ու վաստակը: Որպէս յոբելեար՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պահապան հրեշտակը» այսօր պատուանդանի վրայ է՝ տասնամեակներու անվհատ պայքարի դափնին վզին:
ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ազնուափայլ եւ սիրելի տիկին Նատիա,
Մեծ ուրախութեամբ եւ խորին յարգանքով կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Ձեր կեանքի 75-ամեակին, ինչպէս նաեւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեայ յոբելեանին առիթով։
Ես՝ Միսաք Անուշաւան Մարտիրոսի Գօչունեանս, գրական ծածկանունով Քասիմ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր, երբեմնի Ազգային պատգամաւոր եւ առաջինը «Նարեկ»ը աշխարհաբարի փոխադրածս, իմ մահուընէ շուրջ 115 տարի վերջ ի վերուստ կը գրեմ այս տողերը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2026 թուականի սեպտեմբերի 28-ը Նատիա Գօչունեանի կեանքին մէջ սովորական թիւ մը եւ օր մը չէ։ Այսօր, անոր ծննդեան 75-ամեակն է՝ կեանքի մը այն հանգրուանը, ուր տարիները այլեւս չեն չափուիր միայն անցած օրերու թիւով, այլ՝ հանդիպած մարդոց, ապրուած պահերու, կատարուած գործերու եւ ձգած հետքերու գումարով
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ես չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր է Գատըգիւղի «Թելլալզատէ» փողոցը։ Չեմ պատկերացներ, թէ ճիշդ ինչպէս կը շնչէր ինծի անծանօթ անունով այդ թաղը, ո՛չ ալ 1950-ականներու Պոլսոյ միջավայրը ամբողջութեամբ կրնամ աչքիս առջեւ բերել։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կան մարդիկ, որոնց հետ կեանքը մեզ կը հանդիպեցնէ աշխատանքի բերումով, բայց, ժամանակի ընթացքին կը հասկնաս, որ անոնք այլեւս միայն գործակիցներ չեն։
ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ
Կան մարդիկ, որոնց հետ պարտադիր չէ երկար շփուիլ՝ անոնց մարդկային տեսակը հասկնալու համար։ Նատիա Գօչունեան իմ կեանքիս մէջ հանդիպած այդպիսի իսկ մարդոցմէ։