ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան աւետիսը բոլորը համախմբեց՝ առիթ դառնալով անկեղծ ապրումներու։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան տուաւ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի պատգամը, զոր արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով ու ցնծութեամբ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ