Արխիւ
Անգլիոյ Եւրոմիութենէն դուրս գալու գործընթացը՝ BREXIT վերածուեցաւ իսկական թնճուկի մը։ Լոնտոնի ղեկավարութեան եւ ԵՄ-ի միջեւ համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը չարժանացաւ Անգլիոյ խորհրդարանի հաւանութեան։
Ամերիկեան «The Intercept» կայքէջը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն հետզհետէ կ՚աւելցնէ իր ազդեցութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւ ան կը ձգտի ռմբակոծել Իրանը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեհ-տի Հասանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է այս լրատուութիւնը, ըստ որու Պոլթըն ԱՄՆ-ի վարչախումբէն ներս լուրջ ուժի մը հասած է եւ կը ձգտի Իրանի դէմ պատերազմի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր Փարիզի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ մօտեցումները հետզհետէ կը հասուննան Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շատ դրական կը համարէ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած վերջին հեռախօսազրոյցը:
Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աշխատութիւնը եւ գործունէութիւնը մեր կեանքին շատ օգտաւէտ է:
ա) Մարմինի աշխատանքը եւ հոգիի գործունէութիւնը շատ կ՚օգնեն կամ աւելի ճիշդ՝ շատ կարեւոր են մարմինի եւ հոգիի առողջութեանը եւ կը նպաստեն մեզի կատարելագործուելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածքաշրջանի ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, վերջերս, այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին։ Տքթ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց դեսպանլ Աթաբէկեանը իր նշանակումին համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հանդիպումը կազմակերպուած է միջնորդութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի, որոնք ներկայ պիտի գտնուին վաղուան հանդիպման։
Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումին:
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի երէկուան անդրանիկ նիստը:
Արարատ Միրզոյեան ընտրուեցաւ խորհրդարանի նախագահ - Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ նշանակուեցաւ վարչապետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական օրակարգին վրայ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած Հալէպի նիւթը այսօր այլ հարթութեան վրայ է։ Անպայման չեմ ուզեր ըսել, որ հայկական աշխարհը եւ հայութիւնը յուզող խնդիրներու ընդհանուր սանդղակին վրայ Հալէպը հանուած է հետաքրքրութեան ծիրէն, սակայն Սուրիոյ եւ յատկապէս այդ քաղաքին մէջ երեւելի դարձած խաղաղութեան վերահաստատումով, մարդիկ սկսած են նուազ կերպով տարուիլ Հալէպի լուրերով։
Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութեան օրը աւարտին հասաւ նախագահներու միջեւ հեռախօսազրոյցով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ կանգ առին Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտիի վրայ:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Անուանակոչութեան տօնին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի երբեմնի ատենապետ հանգուցեալ Շապուհ Չոլաքեան, իր կողակիցը՝ հանգուցեալ Սիլվա Չոլաքեան եւ իրենց հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ Կոմիտասին նուիրուած արձան մը կայ: Լոռիի մարզի Վարդաբլուր գիւղը ոչ միայն իր բնական ու արհեստական գեղեցիկ լճակներով յայտնի է, այլ նաեւ՝ այս յուշարձանով, որ մեծն Կոմիտասի յիշատակի վայրերէն մէկն է:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին քաղաքականութիւնը կը շարունակէ համաշխարհային հանրութիւնը ցնցել: Այս տեսանկիւնէն, Թրամփի նախագահութեան երկրորդ տարին բաւական «արգասաբեր» էր:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գարակէօզեանցիներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հաստատութեան սաները շաբաթ առաւօտ նախ համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ դպրոցի հիմնադիրը՝ բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան։
-Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ վիճակը։
-Պոլսոյ համայնքը մեր հայ իրականութեան կարեւորագոյն հաւաքականութիւններէն մին է։
-Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի մէջ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի դէմ սանձազերծուած տխուր ցոյցերուն մասին։
-Կանխաւ ըսեմ, որ այդ բոլորը անընդունելի են։ Բնականաբար, մարդիկ իրաւունք ունին հարցեր ներկայացնելու։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ մասին։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա հարուած հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա ԱՄՆ տնտեսական փլուզում մը պիտի պատճառէ անոր։