ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Արդար հպարտութիւնով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ տօնախմբուած տարեդարձ մըն էր այս մէկը, որովհետեւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը իսկապէս պարծանքն է մեր երաժշտական կեանքի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը, վերջերս, պատիւն ունեցաւ իր երդիքին տակ հիւրընկալելու յայտնի բեմադրիչ Ռենա Լուսին Պիթմէզը եւ իր վերջին ժապաւէնին երկու շնորհալի հերոսուհիները՝ Ռուզաննա Պապայեանը եւ Յասմիկ Վարդերեսեանը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը նախընթաց օր տուն դարձաւ Բարեկենդանի խրախճանքներու: Վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնախմբել այս յատուկ տօնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Սա Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որուն զուգահեռ կը նշուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի աւանդական խրախճանք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Հանդէսը նախատեսուած էր Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր երէկուան ժողովին ընթացքին ահազանգ հնչեցուց Մէրամէթճեան վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին մատաղօրհնութեան ժամանակ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքը շատ հեռու մնացած էր ակնկալութիւնները արդարացնելէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ծիրին մէջ երէկ այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։
Գարակէօզեան Տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ Տարեմուտին նախատեսուած, սակայն ակամայ յետաձգուած այս խրախճանքը կեանքի կոչուեցաւ Բարեկենդանի ընդառաջ։