Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԱՏԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային ֆութպոլի մրցաշարք մը։ Թաքսիմ մարզակումբի անմոռանալիներէն Ալեքսան Տատեանի յիշատակին ձօնուած այս մրցաշարքը չորրորդն է իր նմաններու շարքին։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՊԱՔԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երիցագոյն սերունդի նուիրեալ ու բազմաշխատ իգական սերունդի գործիչներէն Հռիփսիմէ Պաքեան։ Ան երկար տարիներ եղած է Գարակէօզեանի մեծ ընտանիքի սիւներէն եւ իր գուրգուրանքին, խնամքին առարկայ դարձուցած է այդ պատմական դպրոցի շեմէն սերունդէ-սերունդ անցած պատանիները։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ԵՐԵԿՈՅԹ

Յայտնի արուեստագէտներ Ըթըր Էսէն եւ Հալտուն Պոյսան նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։ Հաճելի երեկոյթը վարեցին՝ Մասիս Գույումճու եւ Գարին Քիւրքճիւօղլու Ըշըքճը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ «ԻՅԻ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ԱՆՑԵԱԼԻ ՄԷՋ ՄԵՐԱԼ ԱՔՇԷՆԷՐԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱՀԱՅ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց նորակազմ «Իյի» կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի փոխ-նախագահ Եաշար Էօզքան, հաւատոց յանձնախումբի վարիչ Մուրատ Զէյնէլ Ճէյլան եւ մեր համայնքէն այս կուսակցութեան անդամ Ժիրայր Եշիլպաղճեան։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Ֆլո­րիա­յի մէջ։ «Հա­թայ սոֆ­րա­սը» ճա­շա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան քա­ղա­քիս զա­նա­զան թա­ղե­րէն հա­մա­կիր­ներ։ 

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 7-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ 100-ա­մեայ լի­սէ­նե­րու մի­ջեւ լու­սան­կար­չա­կան մրցոյթ մը։ Ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս ծրա­գի­րը ձօ­նուած է աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի։

«ԸՆԿԵՐ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

«Ըն­կեր» թա­տե­րա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ներ­կա­յա­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան բե­մին վրայ։ Խան­դա­վառ ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մեր բե­մա­րուես­տի ե­րախ­տա­շատ վար­պետ­նե­րէն Ա­նի Ի­փեք­քա­յա, ինչ­պէս նաեւ հան­գու­ցեալ դե­րա­սան Զե­քի Ա­լա­սիա­յի կո­ղա­կի­ցը՝ Ժիւ­լի­տէ Ա­լա­սիա։ 

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէնի աշխատանոցը հասաւ իր աւարտին։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանոցը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ մեր կրթական մշակներու շրջանակէն ներս։

24 NİSAN GÜNÜ İSTANBUL ERMENİ PATRİKHANESİ’NDE YAPILACAK DİNİ TÖREN MESAJI

Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Çok değerli Ermeni vatandaşlarım,
Sizleri en kalbi duygularımla, muhabbetle selamlıyorum. 
Birinci Dünya Savaşı’nın zor ve sıkıntılı şartlarında vefat eden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere, bugün İstanbul Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanmış bu­lunuyorsunuz.

Էջեր