«ՄԱՐԱԼ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտեան ժամերուն ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարչայինները։ Այսպէս, տեղապահ ընտրուելուն առթիւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ պատասխանատուներէն Տիգրան Տիւլկէրեան եւ Տայք Միրիճանեան շնորհաւորութիւններ յղեցին նորին սրբազնութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սեւան Յարզուարթեան համալսարանէն վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ։
Տեղապահի ընտրութեան ժամանակ յառաջ քշուած պնդումներուն արձագանգները:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին սրբազնութիւնը կիրակի երեկոյեան ցամաքային ճամբով Իսթանպուլէն մեկնեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Զուրաթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, նորին սրբազնութեան ներկայացան դպրաց դասու նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տիրան Պոստան եւ Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։
Նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման սեմին լուրջ իրադարձութիւն՝ պատրիարքական ընտրութեան տեսակէտէ:
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը, որ արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ Այսպէս, «Արփի» թատերախումբը Կազդուրման կայանի երդիքին տակ կրկնեց անցեալ եղանակին բեմադրած խաղը՝ «Թուլիկը»։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նարօտ Ալճան աւարտած է իր բարձրագոյն ուսումը եւ համալսարանէն վկայուած՝ որպէս ատամնաբոյժ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն կը տեղեկացնեն.-՛