Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ շահեկան զեկուցումներով ասուլիս մը՝ ծաւալուն քննարկման մթնոլորտով. «1863-ի Հայոց ազգային սահմանադրութեան հետքերն ու փոքրամասնութիւններու կազմակերպումը»: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկայ էին հաւաքոյթին, զոր վարեց իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու:
Անցեալի կարգերն ու մերօրեայ ժառանգութիւնը:
Պատմաբան տքթ. Այլին Գօչունեան բազմակողմանի եւ համեմատական համայնապատկերի մը վրայ մեկնաբանեց պատմական բեկումնային պահերու հանգամանքները՝ մատնանշելով արդի ուշագրաւ զուգահեռականներ: Իրաւաբան Սեդրակ Տավութհեան անդրադարձաւ Հանրապետական շրջանի նախընթացներուն՝ բիւրեղացնելով այժմու օրէնսդրութեան խնդրայարոյց երեսակները:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը մասնակցեցաւ՝ քաղաքիս յոյն համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Մեծ ազգային վարժարան» անուանեալ միջազգային փառատօնին։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Չեմ գիտեր, կը համաձայնիք թէ չէ, յատուկ ամիսներ գոյութիւն ունին մեր պատմութեան մէջ. փետրուարը Վարդանանց ամիսն է, օրինակ, հոկտեմբերը՝ Թարգմանչաց, գիր ու դպրոց էր միշտ սեպտեմբերը, «44-օրեայ» եղաւ, Եղերական կը մնայ ապրիլը, իսկ մայիսը՝ «Սարդարապատ»…

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկային միտքը դարեր շարունակ ձգտած է լոյսին՝ ո՛չ միայն իբրեւ ֆիզիքական երեւոյթ, այլ որպէս խորհրդանիշ ճշմարտութեան, իմաստութեան եւ ներքին ազատութեան։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Երէկ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Նիւ Տելհիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Այս առթիւ երկու ղեկավարները քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ Իրանի շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ հարցեր: 

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

16 մայիս 1916-ին, այսինքն՝ 110 տարի առաջ, կնքուեցաւ գաղտնի համաձայնագիր՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան տիրոյթներու բաժանման մասին:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՀԲԸՄ բաց ճակատով ու արդար հպարտութեամբ կը նշէ իր հիմնադրութեան պանծալի 120-ամեակը:
Յառաջիկայ աշնան Մոնրէալի մէջ նախատեսուած է աշխարհատարած բարենպատակ հաստատութեան համագումարը:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ս. Յովհաննէս Ա. Մանդակունի Կաթողիկոսի (478-490) յաջորդեց անոր աշակերտ Բաբգէնը՝ որու հայրապետութեան ժամանակ Կաւատ Ա. արքան կրկին հալածանք հանեց քրիստոնէութեան դէմ եւ Վահան ստիպուեցաւ ընդդիմութիւն ցոյց տալ։ Հալածանքը դադրեցաւ 499 թուականին եւ այս միջոցին Վահանն ալ վախճանեցաւ։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հիմնականապէս ու մշտաբար ազգերու-ժողովուրդներու կազմութիւնները սերտ կապակցուած են կամ նոյնիսկ պայմանականացած՝ նոյն ազգերու-ժողովուրդներու ղեկավարութիւններէն: Դժուար է ըսել ընկերաբանութեամբ ու քաղաքագիտութեամբ, թէ ի՞նչ բան աւելի որոշիչ է պետութեան մը կազմութեան կամ զարգացման համար եւ ո՞վ կը յառաջացնէ միւսը.

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօրուան յօդուածը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է անգամ մը ուշադրութեամբ նայիք յօդուածին կցուած նկարին, ուր գրուած թուանշանները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, գուցէ Եւրոպայի եւ կամ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող անյայտ անձնաւորութեան մը մէկ օրուան ընթացքին կորսնցուցած գումարն է. մէկ միլիոն երեսուն հազար տոլար եւ աւելի:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ԶԱՐԵՀ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հինգշաբթի օրուան մեր սիւնակով ներկայացուցինք Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին վերջերս հրատարակած՝ «Հաւատքի արուեստը» գիրքին գրախօսականը:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթըն-Փեքին բանակցութիւններուն ականադաշտը. Իրանի պատերազմէն՝ մինչեւ Թայուանի ճակատագրական խաչմերուկ:
Միացեալ Նահանգներու անկայուն քայլերն ու Չինաստանի ռազմավարական առաւելութիւնը կը պայմանաւորեն միջազգային հաւասարակշռութիւնները:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Այս շաբաթավերջին, պոլսահայութիւնը կը հիւրընկալէ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ եկած է Էջմիածին քաղաքէն։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Վատիկանի մէջ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ միջազգային յանձնաժողովի գործադիր յանձնախումբի նիստը: Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Համբարձման տօնին առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու սաները: Ինչպէս ծանօթ է, Հայորդեաց տուները կը գործեն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի «Ֆերիէ» ճաշարանի համալիրէն ներս:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ միջլիսէական «Scrabble»ի մրցոյթը, որ 15-րդն էր իր նմաններու շարքին: Էսաեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութիւն բերին համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ խումբերը: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ այս շաբաթավերջին կը գտնուի քաղաքիս մէջ: «Օրթաքեան» պարախումբը եկած է Էջմիածին քաղաքէն: 

Էջեր