Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ժամանակի էոյթն ու մենք։ Մենք ժամանակային ենք մեր ամէն ինչով՝ նոյնիսկ մեր յաւերժացման պատկերացումներով, նաեւ յաւերժը նուաճման ջանքերուն մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2025 թուականի կէսերուն, Հալէպի մէջ, հրամանաւ թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. արք. Աշգարեանի, լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի գրութիւններէն փունջ մը՝ «Խորհրդածութիւններ քառասնօրեայ պահեցողութեան» խորագիրին տակ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի դէմ մեծ պատերազմը եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն մատնուած կացութիւնը կը մեկնաբանուի շարք մը առանցքներու շուրջ՝ գաղափարական պայքարէ սկսեալ մինչեւ տնտեսական ընդհանրութիւն։ Իրանի նորընտիր կրօնապետ Միւճթեպա Խամանէյի առաջին պատգամներն ալ մեծ հարցականներու դուռ կը բանան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հրեաները Մովսէս մարգարէի առաջնորդութեամբ Եգիպտոսէ դուրս գալէ ետք, մինչ տակաւին կը թափառէին եւ Սինա հասած էին, Մովսէս Սինա լեռ կը բարձրանայ հանդիպելու Աստուծոյ: Երբ հրեաները կը տեսնեն, թէ Մովսէս կ՚ուշանայ վերադառնալ, Ահարոնէն կը խնդրեն, որ իրենց համար կուռք մը պատրաստէ, որպէսզի պաշտեն զայն: Այդպէս ալ կ՚ընեն:
Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կ՚ընթանայ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ «Մարալ» միութեան կողմէ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։
Պատրիարքական Աթոռը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած է դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները։ Երէկ, այս տարուան ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ չի կասկածիր, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Ատրպէյճանի հետ։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Տաւիտ Վատէֆուլը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իրանի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ մինչ միջազգային բոլոր իրադարձութիւնները այժմ կը հունաւորուին անոր ազդեցութեամբ:
«Աթաթիւրք» միջազգային խաղաղութեան մրցանակը յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Կութերեսին պարգեւը յանձնելու ժամանակ անդրադարձաւ համաշխարհային վիճակին:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) աշխարհական անդամները հրաւիրուեցան Հայաստանի Քննչական կոմիտէ։ Այս նիւթին վերաբերեալ տեղեկութիւնները հաստատուեցան ԳՀԽ-ի աշխարհական անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեանի կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մարդ այնքան ատեն որ տակաւին կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ, ապա ենթակայ է թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր դժուարութիւններու, նեղութիւններու, փորձութիւններու եւ յարձակումներու, որոնց դէմ մարդ պարտաւոր է պայքար մղելու, կարենալ տոկալ եւ յաղթանակած դուրս գալու այդ բոլորին մէջէն:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
13 մարտը հանճարեղ Եղիշէ Չարենցի (Կարս, 13 մարտ 1897 - Երեւան, 27 նոյեմբեր 1937, շիրիմը՝ անյայտ) ծննդեան օրն ըլլալով, մեծ բանաստեղծին գարնանամուտի հրավառ բերկրանքը յատուկ տեղ ունի հայ գրականութեան մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջին տարիներուն աշխարհը արագ կերպով կը փոխուի արհեստական բանականութեան զարգացումով։ Համակարգիչները այլեւս միայն հաշուարկ կատարող մեքենաներ չեն. անոնք կրնան գրել, պատասխանել, հարցումներ լուծել եւ նոյնիսկ մարդոց հետ երկար զրոյցներ վարել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս համար ո՜րքան դժուար է իր իսկ «Ես»ին հետ դէմ յանդիման գալ եւ ընդունիլ իր սխալը կամ յանցանքը։ Ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ զղջումը եւ ապաշխարանքը քաջութիւն կը պահանջէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր գրութեան մէջ ըսինք, որ ուսուցիչը դասարանէն ներս բռնատէր չէ, սակայն, միւս կողմէ լաւապէս կը գիտակցինք, որ մերօրեայ աշակերտութեան հետ համեստութեամբ վարուիլը «թերացում» մըն է, որովհետեւ մերօրեայ աշակերտը գիտէ այդ մէկը լաւապէս շահագործել եւ այդ մէկը տեսնել որպէս առիթ՝ իր յոռի բնաւորութիւններն ու խառնուածքը երեւան հանելու։
Երէկ, Մխիթարեան վարժարանի վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարաններու աշակերտները շրջայց մը իրականացուցին Ոսկեղջիւրի ափին։ Պտոյտի ընթացքին աշակերտական խումբը գլխաւորեց վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը ընդմիշտ կնքուած է։
Երէկ, Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստան։
Եւրոխորհրդարանի շէնքի յարակից տարածքին, վարչապետի երէկուան ելոյթէն վերջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուեցաւ հայոց այբուբենի յուշարձանը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Մենք նոր հակամարտութեան, նոր պատերազմի թոյլ պիտի չտանք։ Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ԵՄ-ի հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նաեւ ենթակառուցուածքներու ծրագրերու մէջ։ Յառաջիկային Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագրով պիտի դրուի TRIPP-ի գործնական իրագործման սկիզբը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու դրական կլիմայով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ շօշափելի իրադարձութիւն:
THY ուղիղ թռիչքներ իրականացնել սկսաւ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ: «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը՝ մինչ թրքական սաւառնակը դիմաւորուեցաւ ջրցան մեքենաներով: Չուերթներու յաճախականութիւնը հետզհետէ պիտի բարձրանայ եւ յառաջիկայ ամրան դրութեամբ պիտի հասնի օրը երկու անգամի:
Երէկ, Ֆէրիգիւղի մէջ նշուեցաւ Մեծ պահոց Միջինքը։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կէսօրին համախմբուեցան ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։