Արխիւ
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Թուրքիա եւ ԱՄՆ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին առաջնահերթութիւն պիտի ընծայեն Մենպիչի հարցին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական բանաստեղծութեան մրցոյթ մը, որ ձօնուած էր գրող Զարեհ Խրախունիի յիշատակին։ Մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց հանդիսավարի պաշտօնը։
Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան վաղը Գումգաբուի մէջ պիտի մասնակցի նորոգ հանգուցեալ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յուղարկաւորութեան։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած արարողութեան ժամանակ ան պիտի ներկայացնէ պետութիւնը եւ յանուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պիտի փոխանցէ վշտակցութիւններ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ յոյս կայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս բանբերը յայտնեց, որ Ռուսաստան կ՚ակնկալէ՝ թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պիտի գտնէ իր լուծումը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ ունենալ լայնախարիսխ հանդիպումներ եւ բազմակողմանի շփումներ՝ իր վերջնական որոշումը տալու սեմին։ Արմէն Սարգսեան ցայսօր տեսակցեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, գիտական ու թեքնիկ յառաջատար կառոյցներու վարիչներու, մտաւորականներու, գեղարուեստական աշխարհէ դէմքերու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու հետ։
Թուրքիա եւ Գերմանիա պատրաստակամ են յաղթահարելու իրենց առկայ տարակարծութիւնները:
Վարչապետներ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Անկելա Մերքէլ խնդիրները քննարկեցին դրական ակնկալութիւններով:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընը:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ ծանրակշիռ խնդիրները քննարկուեցան բոլոր մանրամասնութիւններով ու առաջնահերթութիւններու ընդգծումով:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի նշել թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Այս կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը պաշտօնի կոչած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի դպրոցի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու։
Վճռաբեկ ատեանին արձակուած դատավճիռով՝ Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ 3 Յուլիս 2014 թուականին կատարուած դիմումով ձեռնարկուած իրաւական պայքարը տուաւ դրական արդիւնք:
14 Փետրուարի ծնունդ է հայ մտքի եւ գը-րականութեան երախտաւորներէն, յատկապէս հայ կնոջ հասարակական զարթօնքին արժանաւոր դէմքերէն Հայկանոյշ Մառք։
Պոլսահայ հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, բայց մանաւանդ յանդուգն հրապարակագիր Հայկանոյշ Մառք, որ իբրեւ այդպիսին արժանի տեղ կը գրաւէ Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի, Զապէլ Եսայեանի օրինակով մեծանուն հայ կին հեղինակներու փաղանգին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահոց երկրորդ Կիրակին յիշատակումն է՝ մարդուն դրախտէն արտաքսման։ Արդարեւ Բարեկենդանի յաջորդող այս դէպքը մեզի ցոյց կու տայ՝ անհնազանդութեան հետեւանքը, որ է ստիպուիլ լքե՛լ այն ամէն բարիք, որ հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան փոխարէն տրուած է մարդուն։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ի՞նչ կոչուեցաւ եկեղեցին,- կը հարցնեմ սարկաւագին, որ խորանին առջեւ մոմը բռնած Տեառնընդառաջի լոյսը կը սփռէ մօտեցող հաւատացեալներուն մոմերը լուսաւորելով:
-Ս. Խաչ, աղջի՛կս,- կը պատասխանէ:
Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ներդրումներու ազատականացման եւ պաշտպանութեան համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները համաձայնութեան հասած են ներդրումները ազատականացնելու, խրախուսելու եւ փոխադարձաբար պաշտպանելու ուղղութեամբ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր Պերլինի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ Պինալի Եըլտըրըմ հարցազրոյց մը տուաւ ARD գերմանական հեռուստակայանին եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բացուի նոր էջ մը։
Իսրայէլի խորհրդարանը երէկ մերժեց հայկական բանաձեւ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քնեսեթ նախապէս ալ մերժած էր հաւանութիւն տալ հայկական բանաձեւերու եւ 1915 թուականի դէպքերը որակել՝ որպէս ցեղասպանութիւն։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերը միշտ կը դառնան ուշադրութեան առարկայ:
Լոս Անճելըսի նշանաւոր «Ապրիլ» գրատան երդիքին տակ բոլոր հատորները կը տրամադրուին գրասէրներու:
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կը քննարկուի բոլոր երեսակներով ու հաւանական հետեւանքներով:
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ, Նուրետտին Ճանիքլի եւ Ճէյմս Մաթիս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարուան Բարեկենդանի խրախճանքն ալ տօնական մթնոլորտի առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։
Գուգարաց թեմի առաջնորդը՝ Պատրիարքարանի իրադարձութիւններուն շուրջ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խստիւ կը քննադատէ Կրօնական ժողովի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը: