Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռաս Պաալպէքի շրջանը ազատագրելու գործողութիւնը սկիզբ կ՚առնէր Ուրբաթ օր, Օգոստոսի 19-ին: Լիբանանեան բանակը այդ շրջանը ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրելու միտուած գործողութիւնը մկրտած էր «Բարձունքներու արշալոյս» անունով եւ շուրջ տասն օր առաջ ընթացք առած գործողութիւններու ժամանակ բանակը կը յաջողէր բաւական արագ եւ հեզասահ յառաջանալ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հարիսայի կաթսաները վերածուեցան խորհրդանշական խարոյկներու - «Ոմանք» խումբը ծափերու արժանացաւ երաժշտական կատարումներով - Գիւղական արտադրանքը ներկայացուեցաւ տաղաւարներու մէջ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հարիսայի կաթսաները վերածուեցան խորհրդանշական խարոյկներու - «Ոմանք» խումբը ծափերու արժանացաւ երաժշտական կատարումներով - Գիւղական արտադրանքը ներկայացուեցաւ տաղաւարներու մէջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նոր հանդիպում մը:
Յաջորդ ամիս կ՚ակնկալուի յայտարարութիւն մը՝ նախագահներու միջեւ հերթական տեսակցութեան շուրջ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ձեւամոլութիւնը յաճախ քաղաքավարութեան «պարիսպին» տակ կը հանգրուանէ եւ իբրեւ անձեռնմխելի «թաքստոց»՝ երկա՜ր ժամանակ կ՚օգտագործէ զայն։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ուղեւորութիւն դէպի ապագայի նոր տիպարի մենատիրութի՞ւն, ընկերվարութի՞ւն, թէ՝ նորակերպ ժողովրդավարութիւն:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ալ-Քոնէյթրա, լքուած քաղաք մը Սուրիոյ հարաւային շրջանը, կը գտնուի ՄԱԿ-ի հսկողութեան ներքեւ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսրայէլի մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին Սուրիոյ զարգացումներուն: Այս առումով եւ յատկապէս վերջին քանի մը շաբաթներուն կարեւոր նոր «խաղացող» մը աւելցած է Սուրիոյ մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու ցուցակին վրայ:
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի կազմը բացաւ 2017-2018 մարզական շրջանը։ Ակումբի Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ այս առթիւ համախմբուեցան մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ որքան կը պատահին յաջողութիւններ, նո՛յնքան ալ կը պատահին ձախողանքներ. ասիկա բնական է, քանի որ կեանքը ելեւէջներու ընթացք մըն է։ Ուրախութիւններ եւ տրտմութիւններ, հաճոյալի պահեր եւ նեղութիւններ, եւ զանազան հոգեվիճակներ միշտ կը պատահին։
Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մտադիր է չորս տարի յետոյ հրաժարիլ գահէն, երբ լրանայ իր 95-ամեակը:
Հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասան Ճոն Մալքովիչ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, այսօր, տեղի կ՚ունենայ «Օրօրներ» կրթական ծրագրի եօթներորդ հանդիպումը՝ որու ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հայ աւանդական օրօրոցայիններուն, այնուհետեւ կը սորվին քանի մը երգ։
Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան, ծանրորդ Գոռ Մինասեան դարձաւ Համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան:
Աշխարհի զանազան երկիրներէն հարիւրաւոր երիտասարդներ համախմբուեցան Լիբանանի մէջ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած բազմամշակոյթ միջավայրով պիէնալի ընթացքին 100 հազար տոլար հանգանակուեցաւ կրթաթոշակի ծրագիրներուն համար: «Տեմիրճեան» կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած շնորհանդէսը փայլուն անցաւ:
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՚ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Ankara Vukuatı», իսկ միւսը «Gelincikler Açarken»։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Էյոուա նահանգը պաշտօնապէս ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ամերիկացի նոր համանախագահ մը նշանակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, Օգոստոսի 28-ի դրութեամբ պիտի աւարտի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի պաշտօնավարութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։