Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2019

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 28-րդ տարեդարձը՝ համազգային հրճուանքով:
«Ինչպէս անկախութեան ձեռք բերուած բախտորոշ օրերուն, այսօր ալ պետութեան առջեւ կան մարտահրաւէրներ»:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ 150-ամեակի առթիւ յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մեծանուն երգիծաբանի յոբելեանը կ՚արժեւորուի եզակի ցուցահանդէսով մը, որ բաց կը մնայ մինչեւ 25 սեպտեմբեր:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Արդարացում, իր լայն առումով կը նշանակէ մաքրուիլ, սրբուիլ ամբաստանութիւններէ՝ յանցանքներէ որոնք վերագրուած են ենթակային եւ հաղորդելու արդարութիւնը։ Մարդ կրնայ ամբաստանուիլ իրաւացի պատճառներով, յայտնի յանցանքներով եւ նաեւ անիրաւ պատճառներով եւ ենթադրական, անհիմն յանցանքներով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ԵՐԱՄ

Ամէն բանէ առաջ՝ ճամպրուկն է, որ կը յիշէ։
Միտքը կու գայ ամէն անգամ, երբ երեւանեան բակի մը մէջ պուլպուլակ փնտռելու ընթացքին, փայտէ հին պատշգամի մը տակէն անցած ատեն, կամ դեղին երթուղայինին մէջ նստած, ինքն իրեն հարց կու տայ. «ճի՞շդ ըրի»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Խումբ մը զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ՝ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, հայրենիքի մէջ կը կազմակերպեն իրենց ամառնային հանդիպումը: Խումբէն անդամ մը, հաւանաբար ամենէն հմուտը կամ տարածութեան ծանօթ անձը, կը ստանձնէ պտոյտներուն կազմակերպումը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Վերանորոգեալ վեհարանի բացման առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած արարողութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի նստավայրը իսկապէս ֆիզիքական պայմաններու եւ գեղարուեստական յարդարանքի տեսակէտէ շատ բարձր մակարդակի մը հասած է, ինչ որ ուրախութիւն կը պատճառէ համայն հայութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ենթակայ յանձնախումբի նիստի ծիրէն ներս:
Վահէ Էնֆիյաճեան հակադարձեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարի պնդումներուն:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսական շարժանկարի յայտնի ու համակրելի անուններէն դերասան Շարլ Ժերար (բուն անունով՝ Ժիրայր Աճէմեան)։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, ան երէկ իր մահկանացուն կնքած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով սեպտեմբերի 23-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ էր այս հանդիպումը, որու սպասման մթնոլորտին մէջ չէր հրապարակուած թուականը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կեդրոնական համալիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ հանրապետութեան վարչապետը։
Նիկոլ Փաշինեան, որ օտար մը չէ զանգուածային լրատուութեան աշխարհին, տեղեկութիւններ քաղեց թեքնիկ միջոցներուն եւ ընդհանուր աշխատանքին շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2019

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջին օրերուն հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սպանիա։ 14-17 սեպտեմբեր թուականներուն տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ սպանահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան կը գտնուի ո՛չ միայն քաղաքակրթութիւններու համախմբման, այլ նաեւ՝ քաղաքակրթութիւններու բախման խաչմերուկին։ Հայ Եկեղեցին եւ մեր հաւատքը եղած են ու կը մնան մեր ազգային ինքնութեան խարիսխը եւ յենարանը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք հանդիպումը այժմէն սկսած է առաջնահերթօրէն զբաղեցնել Թուրքիոյ օրակարգը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը, որուն կ՚ընկերանար Մարիամ Տրամէրեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սիմքէշեան միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան բազմամեայ ատենապետն է ու կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երէկ թողարկուած դրուագները, բառին բուն իմաստով, պատկառանք ազդեցին համայն աշխարհի հայութեան։ Վեհարանի վերանորոգեալ, բարեզարդեալ եւ ընդարձակուած համալիրի բացման պաշտօնական արարողութիւնը իսկապէս շքեղ էր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աննան կրկնակի խանդավառուած էր։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն երեկոյեան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնէր իր երազներու քաղաքը՝ Փարիզ։ Բաց աստի, ան առաջին անգամ պիտի հանդիպի իր սփիւռքահայ ազգականներուն, որոնց հետ ծանօթացած էր վերջերս համացանցի միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարին յոբելեանական է նահատակ գրող Մելքոն Կիւրճեանի համար. կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը: Հայ գրականութեան եւ մամուլի մէջ իր ներդրումը կատարած այս մտաւորականը հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ 

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ այն ինչ որ կայ անոնց մէջ, երեւելի եւ աներեւոյթ: Նիկիական հանգանակին մէջ կը դաւանինք այս:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը կը սգայ տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի վախճանումը:
Անթիլիասի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։

Էջեր