Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Այս տարուայ հայրենիք մեր այցելութիւնը - սեպտեմբեր 23-էն մինչեւ հոկտեմբեր 12 - շա՜տ տարբեր բնոյթ ունէր։ Տխուր, միաժամանակ ե՛ւ սպասողակա՛ն։
Տխուր՝ որովհետեւ մեր ժամանումի թուականէն շաբաթ մը առաջ կորսնցուցած էինք համավարակի զոհ դարձած հարազատ մը։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ որ կը կատարուի Լիբանանի մէջ, վերջին տարիներու դէպքերուն վերջին «աքորտ»ն է։ Ուրեմն, ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ նախքան Թայունէ շրջանի զինեալ բախումները՝ հարցերը դրուած էին քաղաքական հարթակին վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարաշրջանը որ կ՚ապրինք, կարելի է կոչել անտարբերութեան եւ ամբարտաւանութեան դարաշրջան, հակառակ այն բոլոր ձեռքբերումներուն, ինչ որ մարդ այսօր կ՚ունենայ իր առօրեային մէջ, հակառակ այն բոլոր յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն, որոնց մարդ հասած է։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Անոր մեկնելու միջոցին, աչքով մօրս նշան ըրի որ հետեւի ինձ, բայց մայրս չհասկցաւ: Ստիպուած՝ ճրագն առի եւ հետեւեցայ պարոնին: Հասանք սանդուխի գլուխը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Հաւաքի տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնեց թրքական աշխարհի շքանշանը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Փարիզ-Մոսկուա բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձ՝ Հարաւային Կովկասին:
Ֆրանսա եւ Ռուսաստան անհրաժեշտ կը նկատեն համատեղ աշխատանքով Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագրի մը հասնիլը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Ճանապարհներու ապաշրջափակման քօղի ներքեւ՝ բնակավայրերու մեկուսացման քաղաքականութիւն:
Արմէն Սարգսեան գրառումով մը հանդէս եկաւ Գորիս-Կապան մայրուղիի վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու ժրաջան անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի երիտասարդ անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմօրէն ողջունեց կամաւոր երիտասարդները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ Փարիզի վերջին օրերու շփումներու լոյսին տակ։ Եռանախագահները՝ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆէյ (Ֆրանսա) վերջին օրերուն Փարիզի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Հայաստանի ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ Գորիս-Կապան ճանապարհի կացութեան շուրջ:
Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը զգուշանցէ, որ նոյնիսկ դժուարացած են հացի մատակարարումները:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այսօր ուշ գիշերին կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ան թեզի մը պատրաստութիւններուն մէջ է եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու, գիտական աշխատանքի համար կը ձեռնարկէ այս ուղեւորութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

TET AJANDA առցանց հարթակին վրայ այսօր երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը հրաւիրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Յիշեալ հարթակի Instagram-ի հաշիւէն պիտի սփռուի այս զրոյցը, զոր պիտի վարէ Շահնուր Գազանճը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկը արդէն հրատարակած է 2022 թուականի օրացոյցը։ Սա հիմնարկի աւանդական նախաձեռնութիւնն է։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս նախկին գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան երէկ երեկոյեան ոգեկոչման ու յարգանքի ձեռնարկով մը վերյիշուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հովանաւորուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Երուսաղէմի Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի աղմկարար գործարքի արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթութիւն ներկայացնել հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ցուլը առանց պատճառի բարկացաւ եւ փորձեց հարուածել կով մը, իշուկ մը, ոչխար մը, նիհարակազմ, սեւ կատու մը եւ իր կարմիր կատարով յոխորտացող աքլոր մը, բայց անոնք իրենց ամբողջ զօրութեամբ վազեցին, փախան եւ հեռացան իրմէ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Թափառական հրեայ»ի ներկայացումէն որոշ ժամանակ ետք Մաղաքեան կ՚երթայ Ազնիւի ուսումնարանը եւ կը յայտնէ, թէ «Վարդան» ներկայացման մէջ «Ոգի Հայաստանի» դերը կ՚ուզէ տալ դերասանուհիին. ներկայացման ընթացքին պէտք է երգէր ու արտասանէր:

Էջեր