Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյսը զօրութիւն մըն է՝ անոր միջոցով է, որ կեանքը կը գոյատեւէ եւ դարձեալ անոր միջոցով է, որ մարդ կրնայ պայքարիլ կեանքի զանազան նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն դէմ եւ ի վերջոյ յաղթութեամբ դո՛ւրս կու գայ ամէն փորձանքէ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երբ ես մանուկ էի, տոպրակները մեր տունին մէջ շատ տեղ չէին գրաւեր: Մեծ հօրս ծոցագրպանը մեր տան գանձարանն էր, ուր կը ժողվէին ընտանիքի եկամուտները, ուստի պատահական չէր, որ ան կ՚ընէր մեր բոլոր առեւտուրները:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցազրոյցը՝ Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի հետ: Զրուցած ենք հայութեան օրակարգէն ներս այս օրերուն քննարկման առարկայ կարգ մը նիւթերու շուրջ.
Հարցազրոյց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Պրն. Քալսահակեան, 2019 թուականի վերջին ամիսներուն համաշխարհային մամուլին մէջ սկսան լուրեր տարածուիլ, թէ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ գլուխ բարձրացուցած է նոր տեսակի վարակ մը՝ թագաժահր [քորոնա], որ սակայն շուտով սկսաւ տարածուիլ եւ այսօր երբ արդէն թեւակոխած ենք 2020 տարիին կէսը, այդ վարակը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ:
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։
Եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները եւ անոնց նշանակած պաշտօնեաները պատասխանատու են այս կանոնագրութեան ընդգրկած կանոնները գործադրելու եւ հսկելու ուղութեամբ։
Սոյն կանոնագրութիւնը պէտք է ցուցադրուի ի տես ժողովրդեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Moderna դեղագործական ընկերութիւնը հետզհետէ կը զարգացնէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղեալ աշխատանքները։ Կը հաղորդուի, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու արդիւնքները միշտ կ՚ըլլան յուսադրիչ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ, որպէսզի բազմութիւն միջավայրերու մէջ չգտնուին։ Ըստ նախարարին, բոլորը պէտք է իրենց գործերը այնպէս մը դասաւորեն, որ բազմութեան մէջ չմտնեն։
Հայաստանի բանակը գիշերուան ժամերուն կասեցուց Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատի ներթափանցման փորձը։ Հայկական ստորաբաժանումները խոցեցին հրասայլ մը եւ կրակային դիրքեր։
Միջազգային հանրութեան կողմէ երկխօսութեան կոչերը կը շարունակուին։ Ըստ Զօհրապ Մնացականեանի, Երեւան ունի պաշտպանուելու կարողութիւն, սակայն խաղաղ կարգաւորման գործընթացը այլընտրանք չունի։ Պաքուի իշխանութիւնները փակուղիի մատնուած ըլլալ կը թուին։ Այս առաւօտեան պայմաններով՝ մարտերը թուլացած են։
Ֆրանսայի մէջ կը նախատեսուի բանալ ջուրի վրայ «շարժանկարի սրահ»։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Սեն գետի վրայ պիտի բացուի ինքնատիպ շարժանկարի սրահ մը, որուն այցելուները կրնան շարժանկարները դիտել յարմարաւէտ նաւակներու մէջ նստած՝ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւնը:
Վերջին օրերու բախումներէն վերջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լարուածութիւնը նուազած է, յարաբերական անդորր կը տիրէ:
«Զինեալ ուժերը հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ կարելի չէ մեզի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ բանակի վերնախաւին հետ խորհրդակցութիւններէ վերջ:
Երկար ժամանակ մարդիկ կը փորձէին գտնել միջոց՝ զերծ պահելու համար դաժան վերաբերմունքէ կենդանիները, որոնց կաշին կ՚օգտագործուի նորաձեւութեան մէջ։
Ահա, կարծես թէ կաշիի էքօ այլընտրանքը արդէն իրականութիւն դարձած է:
Ճոն Թրավոլթայի կինը՝ դերասանուհի Քելի Փրեստըն, մահացած է քաղցկեղէ։ Այսպէս, 57 տարեկան հասակին կրծքագեղձի քաղցկեղէ մահացած է դերասանուհի Քելի Փրեստըն: Այս կորուստի մասին իր ամուսինը՝ դերասան Ճոն Թրավոլթա, յայտնած է Instagram-ի մէջ:
Հնդկաստանի մէջ սկսած են վաճառել ադամանդներով պատուած պաշտպանիչ դիմակներ։ Այսպէս, Հնդկաստանի Սուրաթ քաղաքի ոսկերչական խանութներէն մէկը քորոնաժահրի տարածման ընթացքին սկսած է վաճառել ադամանդներով զարդարուած պաշտպանիչ դիմակներ, որոնց արժէքը 2-5 եւ աւելի հազար ամերիկեան տոլար է:
Թաթա Սիմոնեան հոլովակ թողարկած է «3.33 ռեփ» խումբի հետ։ Այսպէս, Թաթա Սիմոնեան զարմացուցած է իր երկրպագուները՝ համատեղ հոլովակ ներկայացնելով «3.33 ռեփ» խումբի անդամներու՝ Ֆելիքս Խաչատրեանի եւ Նարեկ Յովսէփեանի հետ:
«Բիւրեղապակեայ դղեակ» պալէի ներկայացումը կը ցուցադրուի առցանց հարթակով։ Այսպէս, Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը յուլիսի 17-ին՝ Հայաստանի ժամով 20.00-ին, առցանց կը ցուցադրէ ժամանակակից յօրինող Ալեքսէյ Շորի «Բիւրեղապակեայ դղեակ» բազմաժանր պալէի ներկայացումը:
Կարսիա Լորքայի աշխարհահռչակ ողբերգութիւնը կը ներկայացուի առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Արիւնոտ հարսանիք» ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած ներկայացման տեսաձայնագրութիւնը կը ցուցադրուի Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական տրամաթիքական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:
15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 4-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Իտլիպի մէջ։ M-4 մայրուղիի վրայ տեղի ունեցաւ այս հերթապահութիւնը, որ 21-րդն էր իր նմաններու շարքին։
Թրքական գրականութիւնը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Ոչ եւս է գրող Ատալէթ Աղաօղլու, որ 91 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։