Արխիւ
«Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը». յառաջատար հրատարակչատուներու հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը։ Հայաստանի մէջ շարք մը յառաջատար հրատարակչատուներ ընկերային ցանցերու մէջ հանդէս եկած են «Մի՛ սպաններ վաղուայ գիրքը» նախաձեռնութեամբ, որու նպատակն է համատեղ ուժերով պայքարիլ գիրքերու անօրինական տարածումներու դէմ՝ հանրութիւնը հեղինակային իրաւունքի մասին իրազեկելու արշաւի միջոցով։
Աշխարհահռչակ իտալացի գեղագէտ ջութակահար, կիթառահար եւ յօրինող Նիքոլօ Փականինի ծնած է 27 հոկտեմբեր 1782 թուականին, Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ: Ան Անթոնիօ եւ Թերեզա Փականինիներու վեց երեխաններէն երրորդն է։
Լուսինէ Զաքարեան ծնած է 1 յունիս 1937 թուականին, Ախալցխա, Ջաւախք, Վրաստան, իսկ 30 դեկտեմբեր 1992 թուականին մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան 55 տարեկան էր, երբ մահացաւ անողոք հիւանդութենէ։ Լուսինէ Զաքարեան եղած է Կոմիտաս Վարդապետի, հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու մեկնաբան։
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ուղղութեամբ սփիւռքի մէջ անխափան աշխատանք կը տարուի մասնագիտական շրջանակներու կողմէ։ Այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ նաեւ «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը, որ կը գործէ Փարիզի մէջ։
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 102-րդ տարեդարձը նշուեցաւ պատշաճ շուքով:
Պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեցին Սարդարապատի յուշահամալիրը:
Իտլիպի մէջ երէկ նահատակուեցաւ թուրք զինուոր մը։ Այսպէս, Ճանպերթ Թաթար, որ ծնած էր Էլազըղի մէջ, զոհ գնաց պայթումի մը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի շրջանակին մէջ Թուրքիա յաջողած է ապահովել ռիսքի նուազեցումը։ Այս հանգամանքը կ՚ապացուցուի վիճակագրական տուեալներով։
1960 թուականի պետական հարուածէն վեց տասնամեակ անց «Եասսըատա»ի մէջ յուշահամալիր:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեծ պայքար. այս օրերուն եղած դէպքերը կրնանք վերագրել այս երկու բառերուն մէջ։ Պայքար մէկ կողմէ ապրելու եւ կեանքը շարունակելու համար, բայց մանաւանդ պայքար՝ վերադառնալու բոլոր այն արժէքներուն, որոնք վերջին ժամանակներուն սկսած են նուազիլ։
Սկիւտարի գաւառապետ Մուրատ Սեֆա Տեմիրեիւրէք այս առաւօտ այցելեց Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իր հետ ունենալով Սկիւտարի անվտանգութեան տնօրէնը եւ Գուզկունճուքի թաղապետը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնց այցելութիւնը զօրակցութեան ու կարեկցանքի բնոյթ կը կրէր։
Սիրելի Արա Գօչունեան,
Կը հետեւիմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, գրեթէ օրը օրին։
Այս օրերուն, զիս շատ կը յուզէ տնօրէնուհիներուն՝ այսպիսի օրերուն մանաւանդ, անակնկալ հեռացումը իրենց նուիրական պաշտօնէն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ի տարբերութիւն համայն աշխարհի, քորոնաժահրը Արցախ հասաւ բաւական ուշ։
Քիչ մը ժպիտ.
Գիտէք ինչո՞ւ մինչեւ հիմա Արցախի մէջ թագաժահր չկայ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ծեր մամիկ մը առտու կանուխ գուճ եկած, ձեռնափայտը քարշ տալով քայլերը կ՚ուղղէ դէպի մօտակայ մթերային խանութը: Դէմքին կայ բժշկական դիմակ մը, որ անընդհատ վար կը սահի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ պարունակուած պատմութիւններուն վաւերականութիւնը, այսինքն անոնց արժանահաւատութիւնը արդէն հաստատուած է՝ անոնք ունին աստուածային հեղինակութի՛ւն։
Զոր օրինակ, Նոր կտակարանի պատմութիւնները նկատի առնենք։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
31 մայիս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Հոգեգալուստի տօնը, որ մեզի կը յիշեցնէ այն դրուագը պատմութեան ընթացքին՝ երբ Սուրբ Հոգին Երուսաղէմի մէջ՝ Վերնատան մէջ հաւաքուած Յարուցեալ Յիսուսի աշակերտներուն վրայ իջաւ՝ լուսաւորեց ու իմաստնացուց զանոնք, ինչպէս նաեւ զանոնք վերածեց մարմնացեալ Բանին աշխարհին բերած լոյսին աւետարանիչները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անտարակոյս, արուեստ մըն է իմաստութեա՛մբ ապրիլ եւ ծերութեան մէջ իսկ երիտասարդական ցոլք, խանդ, եռանդ եւ աւիւն ունենալ։ Արդարեւ, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, թէ կարեւորը երկար ապրիլը չէ՛, այլ՝ լա՛ւ ապրիլ, օգտակար ապրիլ եւ ի վերջոյ իր նպաստը բերել մարդկութեան, գոնէ իր անմիջական շրջանակին։
Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Իսթանպուլի մեր եկեղեցիները փակ են հաւաքական պաշտամունքի եւ միշտ բաց՝ մոմավառութեան ու անհատական աղօթքի համար։
Ծանօթ է կրկին, թէ տակաւ առ տակաւ բնականոնացման ընթացքը կը սկսի, անշուշտ նոր միջոցառումներով ու զգուշական քայլերով։
Ծանօթ է մերազն հաւատացելոց, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ՝ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։ Կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ ու կ՚ապահովէ սննդեղէն ու մաքրութեան համար զանազան իրեր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քառօրեայ տօնական դադարէն առաջ համայնքային առկայ հրատապ հարցերուն շուրջ նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու հրատապ հարցերուն շուրջ ծանօթագրութիւններու ձեւաչափով գրութիւն մըն էր այս մէկը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վերջին օրերուն առցանց ուղիղ եթերի մը ընթացքին մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ համայնքային շարք մը հարցերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան պնդեց, որ համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ վերջին պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքը չեն մարսած եւ այժմ հրահրած են Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման խնդիրը։