Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաքոնֆերանսի մը մասնակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ 2017 թուականէն ի վեր երեք նախագահները անմիջական կապի մէջ են Սուրիոյ հարցի կապակցութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութէն ստացած լուրերս կը յուշեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի սիրտն ու կեդրոնը համարուող մայրաքաղաքը դանդաղ քայլերով կը մօտենայ համընդհանուր «Լոք տաուն» իրավիճակին։
«Լոք տաուն»ը պայմանաւորուած չէ քորոնա վարակի «պարտադրած» իրավիճակով, այլ կապուած է տնտեսական ամեհի եւ բոլոր «կարմիր գիծերը» հատող զարգացումներուն հետ։
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 1 յուլիս 2020, չորեքշաբթի առաւօտ գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները՝ ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։
Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ՚ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Մեր գիւղէն կար երիտասարդ մը, որուն շատ կը հաւնէի, ան ալ զիս: Շատ ուշիմ եւ համեստ էր: Ի սկզբանէ ծնողքս դէմ չէր մեր յարաբերութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան գիտական աշխատութիւններէ, բառարաններէ, բարբառներու քննական հատորներէ զատ, գրած է նաեւ իր կեանքի յուշերը, որոնց մէջ մեծ տեղ տուած է իր դպրոցական տարիներուն: Պոլսոյ կրթական կեանքը, իր ապրած թաղի անցուդարձը, մանկութեան յուշերը բացառիկ պատումով կենդանացած են Աճառեանի ճոխ գրիչով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս յօդուածը քանի մը ամիս առաջ գրած էի, սակայն չէի հրապարակած, մտածելով որ եղածը թիւրիմացութիւն էր: Սակայն, մէկ-երկու օր առաջ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնը «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» («ՀԵՊ») դասանիւթին վերաբերեալ, պատճառ դարձաւ, որ այս գրութիւնս լոյսին տամ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ տօնն է գիւտը գիրին եւ հայացումը գիրքին։ Ճգնութեան մէջ պրկուած եւ ամփոփուած մտային ուժը եւ հասունցած իմաստութիւնը կեանքի փորձաքարին զարնուելով կը ծնէր «Հայ գիրին տեսիլք»ը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրտին ձայնը՝ խղճի՛ն ձայնն է, եւ ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական-ընկերային բազմաթիւ հարցերու մէջ վճռական պատասխանը կու տայ միշտ «սիրտ»ը եւ ո՛չ թէ «միտք»ը։ Արդարեւ, միտքը կրնայ սխալիլ, զանազան արտաքին ազդեցութիւններու, նախապաշարումներու, կանխակալութիւններու ազդեցութեան տակ ուղիղ ճամբայէն շեղիլ, ճշմարտութիւնը անտեսել. հարցին էականին չանդրդառնալ եւ առաջնորդուիլ սխալ որոշումներ տալու։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները հնարաւորինս յաղթահարելով՝ խումբ մը հայ արուեստագէտներ համախմբուեցան՝ սատարելու համար այն երեխաներուն, որոնք քաղցկեղէ կը տառապին։ Աշխարհի զանազան երկիրներու բնակիչ հայ արուեստագէտներ «Միասին երեխաներու համար» կարգախօսով բարեգործական ծրագիր մը կեանքի կոչեցին, ինչ որ այս պահու դրութեամբ ունի կենսական նշանակութիւն։
Պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, որ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» անուանումով որեւէ հաստատութիւն կամ միաւորում գոյութիւն չունի արձանագրութիւններու մէջ:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը զգայացունց պատասխան մը տուաւ՝ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէի նամակին:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Արդի փորձագիտութիւններով պայմանաւորուած հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները մարդկային կեանքը կ՚առաջնորդեն նոր հարթութեան մը։ Կենցաղի եւ մտածելակերպի՝ յեղափոխութեան համազօր նորութիւններու մասին է խօսքը։ Մարդիկ կը դառնան շատ աւելի եսակեդրոն եւ կարելիութիւն ունին ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրենց այդ «ես»ը առաջ քշելու անհակակշիռ ձեւով եւ անսահմանափակ։
Մարմնի բնական արձագանգը ժահրերու ներթափանցման ջերմաստիճանի բարձրացումն է: Բայց ծնողներէն շատեր չեն գիտեր, թէ ինչպէս վարուին, երբ երեխայի ջերմութիւնը բարձրանայ:
Ըստ գիտնականներու, կարմիր գինին եւ տուրմը կրնան կանխել ծերացումը։ Այսպէս, կարմիր գինին եւ մուգ տուրմը ունին անհամար օգուտներ ռեսվերաթրոլ կոչուած բնական քիմիական նիւթի շնորհիւ:
Ո՞րն է ամրան ամենանորաձեւ տաբատը եւ ինչպէ՞ս կրել զայն…
Սպիտակ տաբատը ամրան խորհրդանիշն է:
Bored Panda-ն ուշագրաւ լուսանկարներու շարքով ցոյց տուած է, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս առցանց գնումներու «զոհ» կը դառնան։
Ներկայ աշխարհի մէջ համացանցը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի միլիոնաւոր մարդոց համար, որոնք բազմաթիւ հարցեր կը լուծեն համաշխարհային ցանցի օգնութեամբ:
Աշխարհահռչակ ֆրանսական L՚Oreal ընկերութիւնը մտադիր է իր քսուքներու եւ բոլոր արտադրանքներու անուանումներէն ջնջել «սպիտակ», «բաց գոյնի» եւ «բացացնող» ածականները: Ընկերութիւնը իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ բազմաթիւ զանգուածային լրատուամիջոցներ շտապած են սպիտակը առընչել աշխարհի մէջ սեւամորթերու նկատմամբ ցեղապաշտութեան դէմ արշաւի ընթացքին հետ:
Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը ունի նոր կայք։ Այսպէս, գործարկուած է Երեւանի կենդանաբանական պարտէզի նոր կայքէջը՝ zoo.am-ը։
Երեւանի Օփերայի թատրոնը առցանց կը ցուցադրէ Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» ներկայացումը։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիաքոմօ Փուչչինիի «Թոսքա» օփերայի տեսաձայնագրութիւնը յուլիսի 1-ին կը ցուցադրուի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան անցած է WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի եզրափակիչ փուլ:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, երաժիշտը ըսած է, որ շնորհակալ է բոլոր անոնց, որոնք առցանց հարթակի վրայ կատարուած քուէարկութեան սատարած են իրեն։