Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020

ԵՐԱՄ

Ամբողջ օրը քշեր, կտրեր էին Թեհրանէն դէպի երկրի հիւսիս ճանապարհը Զանան ու քեռին, հասեր էին Հայաստանի սահմանին։ Կանգ էին առեր, պատառ մը կերեր էին, տեղ մը լուացուեր, յետոյ անցեր հանգստի. ամէն մէկը բարձ մը դրեր էր գլխուն ու պատուհանին միջեւ, եւ քնացեր էին բեռնակառքի առաջնասենեակին մէջ մինչեւ բացուեր էր լոյսը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020

Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի պաշտօնազրկման որոշումին դէմ համայնքային շրջանակներէ ներս ստեղծուած անհանգստութիւնը կը շարունակուի։ Այս մթնոլորտին մէջ դպրոցի խումբ մը սաներ այսօր, կէսօրուան ժամերու մօտ զօրակցութեան այցելութեան մը փութացին իրենց տնօրէնուհիին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Մա՛մ, մամ, երբ մեծնամ օդանաւորդ պիտի դառնամ,- լռութեան մէջէն յանկարծ լսուեցաւ տասնամեայ Դաւիթի ոգեւորուած ձայնը, որ մինչ այդ, լուռ ու մունջ, համակ ուշադրութեամբ կը դիտէր Խորհրդային Միութեան մարշալ՝ Արմենակ Խամփերանցին նուիրուած հաղորդաշարը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մինաս Թոխատցի աշուղը՝ Լեհաստանի Իլվով (Լէմպէրկ) քաղաքէն, ապրած ԺԶ դարուն վերջերը, առաջին երգիչն է՝ որ յօրինած է երգիծական տաղեր։ Թոխատցի հայ գրականութեան մէջ երգիծական սեռին առաջին մշակը կը նկատուի։
Երգիծող եւ կատակաբան աշուղը հիւսած է սրամիտ եւ հեգնախառն տաղեր հերիսայի, ճանճերու, ծխախոտի եւ ակռայի ցաւի մասին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս կ՚ապրուի լուրջ լարուածութիւն։ Խորհրդարանէ ներս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան յարաբերութիւնները սրուած են եւ ասոր զգայացունց դրսեւորումը եղաւ միջոց մը առաջ պատգամաւորներ՝ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ տեղի ունեցած կռիւը, որ միւս երեսփոխաններու մասնակցութեամբ մեծ ծեծկռտուքի մը վերածուեցաւ։ Քանի մը օր վերջ յաջորդեց խորհրդարանի երդիքին տակ ուրիշ դէպք մը, որու ընթացքին վիճեցան Էտմոն Մարուքեան եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վասնզի ո՞վ առաւօտին հասնելով, լոյսին ծագած պահուն կը վախնայ թէ պիտի մութ ըլլայ» (ՆԱՐԵԿ Բան ԺԷ)։ Եւ հոն ուր լոյս կայ, հոն խաւար չկա՛յ, որովհետեւ լոյսը կը փարատէ, կը ցրուէ, կը չքացնէ ամէն խաւար։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ համայն աշխարհէ ներս սպասումը կը շարունակուի պատուաստանիւթի մը համար։ BBC-ի հաղորդումներով, Անգլիոյ մէջ հաստատուեցաւ՝ զուիցերական դեղօրայքի ընկերութեան՝ Roche-ի փորձարկումներու հիման վրայ գտնուած դեղամիջոցի օգտագործման թոյլտուութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը պատրաստուին վերաքննիչ բողոք ներկայացնել՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատավճռին դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի բանտի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Հայաստանի մէջ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի անունով կոչելու առաջարկը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներէն էր։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 101-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը նոր քայլեր կ՚առնէ:
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան յանձնուեցան 2 հազար բժշկական պաշտպանիչ արտահագուստներ:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկման աղմկարար որոշման արձագանգները կը շարունակուին համայնքային շրջանակներէն ներս:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սիմոն Չեքէմի, Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի հետ. մօտալուտ ժամադրութիւն Գումգաբուի մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուղեւորութիւն մըն է կեանքը... Հոսք մը անխափան՝ մաշեցուցիչ հեւքով։ Ճամբորդութիւն մը՝ ինչ-ինչ ուղղութիւններով։ Եւ այդ ճանապարհորդութեան ժամանակ միշտ էական է՝ հասնիլ գնացքին, տեղ մը, ինչու չէ, ապահով տեղ մը ճարել անոր մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կիրակի՝ 17 մայիսին, Յովհաննէս Պօղոս Պապի ծննդեան 100-ամեակի նախօրեակին, Լեհաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն պատրաստած նամակը:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Շուրջ հինգ հազար մարդիկ նստան գետին» (Յհ 6.10):
Մեկնութիւն.
Ըստ եբրայեցիներու սովորութեան միայն քսանէն մեծ եղողները կը հաշուուին, իսկ այստեղ կիներն ու մանուկները չեն հաշուուիր, ինչպէս Մատթէոս կ՚ըսէ (հմմտ. Մտ 14.21):

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Սնապաշտութիւնը (Superstition) հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի բառարանին մէջ։
Սնապաշտութիւնը համոզում մը կամ գործադրութիւն մըն է հիմնուած մէկու մը վստահութեան՝ բախտի կամ անտրամաբանական, ոչ-գիտական կամ գերբնական ուժի վրայ։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Դաս, դաս եւ դասեր…
Դպրոցէն մեզի առցանց թելադրուած դասերը չեն ասոնք, չէ՛, երբեք, այլ «մարդկութեան գլխուն եկած աս պատուհասէն մեր քաղելիք դասերը…»։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ապրիլ 1975: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ: Այդ օրերուն չէինք կրնար պատկերացնել, թէ պիտի սկսինք ապրիլ նոր փուլ մը՝ բոլորովին տարբեր, քան ինչ որ ունէինք Լիբանանի մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գիտութիւնը երբեք «օրէնք»ը խափանելու կամ փոխելու չի ձգտիր, որովհետեւ բացարձակապէս անկարելի է այդ, այլ կը ձգտի ինքզինք անոր յարմարցնելու, անոր հետ համերաշխ գործելու, եւ մէկ խօսքով՝ անոր բացարձակ հեղինակութիւնը, իշխանութիւնը ճանչնալու, եւ անոր հպատակելու։ Բնական օրէնքներու գերիշխանութենէն ազատագրուելու միակ կերպն է անոնց հպատակիլ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արդէն իսկ հասանք տեղ մը, որուն գլխաւոր խորագիրը պիտի ըլլայ՝ «յետքորոնայի ժամանակները»։ Ի զուր չէ անշուշտ, որ նման գաղափար շրջանառութեան մէջ դրուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ուր մէկէ աւելի անուանի վերլուծաբաններ յաջորդ տասնամեակներուն համար նախանշած են, թէ ամէն ինչ, որ տեղի ունենալ պիտի սկսի քորոնա համաճարակի վերջանալու փուլի առաջին ամիսներուն՝ պիտի տեղադրուի այդ ապառնի ժամանակին մէջ, որուն ընթացքին ալ տարբեր առումներով եւ յաճախ բազմակողմանի տեսանկիւններէ բաւական մեծ եւ ցնցիչ փոփոխութիւններ երեւան պիտի գան։

Էջեր