ՆԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՈՒՆԻՆՔ ԼԱՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՆՈՎ ԿԸ ԶԻՋԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՉՔԻ ԶԱՐՆՈՂ ՇԱՐՔ ՄԸ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ»
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանաստեղծուհի, մանկավարժ, «Տիր» գրական-մշակութային ակումբի եւ ԱՄՆ-ի Հայ գրողներու միութեան անդամ Նարինէ Աւագեան ծնած է Կիւմրի 1976 թուականին: Յաճախած է իր ծննդավայրի Մ. Մաշտոցի անուան թիւ 29 միջնակարգ դպրոցը, այնուհետեւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ կից քոլէճ-վարժարանը: