Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան այս տարի կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը: Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ կը նախատեսուի մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպել ի պատիւ Նորին Սրբազնութեան:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Մերսոպ եպսկ. Պարսամեան վերընտրուեցաւ՝ իր առաքելութիւնը շարունակելու համար: Նորին Սրբազնութիւնը, որ այս թեմի 13-րդ առաջնորդն է, երկրորդ ժամկէտով մը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ վերջերս ստորագրուած նոր արձանագրութիւնը, որ կը վերաբերի Անիի պատմական կամուրջի հայ-թրքական համատեղ վերականգնման, կրկին կեդրոնացուց ուշադրութիւնը այնպիսի կառոյցի մը վրայ, որ ճարտարապետական յուշարձան ըլլալով, դարեր շարունակ եղած է նաեւ պատմութեան խզուած շղթաներուն խորհրդանիշը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր օրերուն, երբ մեծութիւնը յաճախ աղմուկով, ցուցադրականութեամբ եւ արտաքին յաջողութիւններով կը չափուի, հազուադէպ է հանդիպիլ այնպիսի անձերու, որոնց արժէքը կը հաստատուի լռութեան մէջ, ներքին ամբողջականութեամբ եւ անխախտ նուիրումով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դատողութիւն եւ պատիւ կը նմանին ժամացոյցի, կարելի է ճշգրիտ եւ յարգի ժամացոյցներ ըլլալ՝ բաւ է, որ մարդ տեւական խնամք տանի անոր։ Արդարեւ, ամէն արժէք եթէ անշարժ մնայ՝ չաշխատի եւ չգործէ, որեւէ օգուտ քաղել կրելի չըլլար այդ արժէքէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամիս մը ետք՝ յունիսին դարձեալ պիտի շարունակէ եկեղեցի-պետութիւն հակամարտութիւնը։ Ինչպէս նախապէս ըսինք, այս բոլորը պարզապէս խաբուսիկ զինադադարի շրջան մըն է. այնպէս ինչպէս օձը իր մորթը փոխելով նկարագիրը չի փոխեր, նոյնպէս ալ մարդիկ իրենց դիտաւորութիւնները դիւրութեամբ չեն փոխեր:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գիտեմ, որ ընթերցողներէն շատերը ինձ հետ համաձայն չեն ըլլար, բայց, որպէս մարդ` ես համերաշխ եմ Ուքրայնայի ժողովուրդին հետ, որ աւելի քան չորս տարիէ ի վեր կը դիմակայէ Ռուսաստանի բռնութեան։
Վան Ի-Ապպաս Արաղչի հանդիպում Փեքինի մէջ, Մարքօ Ռուպիօ-Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց:
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնն ու ԱՄՆ-Իրան պատերազմը հետզհետէ կը դառնան փոխկապակցուած:
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան պիտի շարունակէ նոր ժամկէտով մնալ իր առաքելութեան գլուխը:
«Նուազեցուցինք քաղաքական, տնտեսական եւ ուժանիւթի կախուածութիւնը միայն մէկ կեդրոնէ»:
«Հայաստանի քաղաքականութիւնը կրնայ Հարաւային Կովկասը դարձնել աշխարհի ամենագրաւիչ տարածաշրջաններէն մին»:
Ցաւով վերահասու եղանք, որ «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս այս շրջանին կը գտնուի դարմանման տակ: Արդարեւ, Մայտա Սարիս քանի մը օր առաջ դժբախտ արկած մը անցուցած է:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն եւ գեղարուեստական աշխարհի վառ դէմքերէն Ալիս Մանուկեան: 93 տարեկան հասակին մահացած է հռչակաւոր սոփրանօ Ալիս Մանուկեան, որ Թուրքիոյ առաջին օփերային արուեստագիտուհին ըլլալու հանգամանքը կը կրէր:
Երէկ երեկոյեան, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը: Գումգաբուի ընտանիքը՝ զօրաշարժի մը համազօր պատրաստութիւններով կազմակերպած էր այս երեկոյթը, որով արձանագրուեցաւ բացառիկ յաջողութիւն:
Կեդրոնական վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհիներէն Էլիզապէթ Նորա Պուտաք այս շրջանին կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ իր շարադրութեամբ, որով մրցոյթի մը դանփեկիրը դարձած է:
Երէկ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը ստորագրուեցաւ։ Փաստաթուղթի մէջ կարեւոր շեշտադրումներ գոյութիւն ունին՝ արհեստական բանականութեան եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտներու մէջ, Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս շաբաթավերջին հանդէս պիտի գայ համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ» կարգախօսով։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցի երդիքին տակ երգչախումբը իրականացուց իր վերջին փորձը՝ խմբավար Շանթ Էսմէրի մականին ներքեւ։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քահանայական կոչման արժանացած նորաօծ եօթ հոգեւորականները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեան, որ Մայր Տսճարի մէջ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէ ներս երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:
Արարատ Միրզոյեան. «Հարեւաններու նկատմամբ Երեւանի մօտեցումներու ուղենիշն է՝ խաղաղութեան, համագործակցութեան եւ զարգացման յանձնառութիւնը»:
«Հայաստան դարձած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ փոխկապակցուածութեան հանգոյց եւ անկիւնադարձային դեր ունի Հարաւային Կովկասի հետ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ»: