Արխիւ
Պաղեստինի ինքնավարութեան Եկեղեցիներու հարցով բարձրագոյն նախագահական կոմիտէի ղեկավար Մուսին Իլիաս Եուսուֆ Խուրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ հիւր պատուիրակութիւնը երէկ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ այն բարենորոգման աշխատանքներուն, որոնք Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յառաջ կը տարուին։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տարեկան տօնախմբութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ շնորհանդէս՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ:
Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի պրպտումով պատրաստած Պէշիկթաշի յուշամատեանը կը ներկայացնէ բարձր արժէք:
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման շուրջ ծաւալուած երկարատեւ քննարկումներէն եւ հրապարակումներէն վերջ, երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ժողով մը։
Ժամանակն է որդեգրել՝ Ազգային Սահմանադրութեան նմանութեամբ կանոնադրութիւն մը, որով աշխարհականներ եւս մասնակից պիտի կարողանան դառնալ վանքի կալուածներու եւ թանգարանային հարստութեան տնօրինումին ու վերահսկողութեան։ Բարեկարգութեան օրակարգը կը մնայ բաց վէրքի մը նման, որ կը կոտտայ:
Նուիրապետական մեր չորս աթոռներու շարքին Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը միակն է, որ կը շարունակէ շեղած ու զարտուղութեան մէջ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատուկ եւ ինքնատիպ նկարագրէն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքն ու իր գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն մէկտեղուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի եւ իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլայի եւ Մինաս Արսլանի հետ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանին ընդառաջ արդէն զարդարուած է Պատրիարքարանի տօնածառը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գումգաբուէն տօնածառի զարդարուած ըլլալու վերաբերեալ լուրին հասնիլը կու գայ ազդարարել նաեւ համայնքէն ներս տօնական շրջանի սկիզբը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան յարգուած, համակրելի դէմքերէն Պարոյր Քեպապճը։ Դժբախտաբար, վերջին շրջանին իր առողջութիւնը արձանագրած էր վերիվայրումներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարեցներու բերնէն յաճախ լսած եմ «ամէ՜ն բան փոխուած է հիմա» արտայայտութիւնը. անոնց աչքին աշխարհը ո՛չ միայն նիւթապէս ու արտաքնապէս, այլ էապէս եւ բարոյապէս կատարուած է այդ փոփոխութիւնը: Նորերը սկսած են հիներու «համն ու հոտը» չտալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, երբ փարիսեցի իշխանաւորներէն մէկուն տուն մտած էր՝ ճաշելու համար, երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէս հրաւիրեալները խառնուած են եւ պատուուաւոր տեղեր կը փնտռեն՝ նստելու համար, Յիսուս ներկաներուն խոնարհութեան դաս մը կու տայ, որուն բուն պատգամը Իր այս խօսքերն են. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 14.11):
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ քաղաքագէտ, վերլուծաբան Աշոտ Բագրատունիի հետ ունեցանք հեռավար ձեւաչափով հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ անդրանիկ արտասահմանեան այցելութիւնը տուաւ Փարիզ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնն ու բախումները չեն դադրիր՝ ընդ որում վերջին մէկ-երկու օրերուն դարձեալ սկսած են խլել զոհեր։ Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ դարձեալ յարձակում գործեցին հայկական մարտական դիրքերու վրայ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Կը հաղորդուի, որ երէկ դէպքեր պատահած են այս անգամ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս։
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի համար Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած եւ Ռուսաստանի աջակցութեան արժանացած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ աշխատանքները այսօր նոր հարթութիւն կը թեւակոխեն։ Արդարեւ, Մոսկուայի մէջ այսօր նախատեսուած է սոյն ձեւաչափով առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուանի հետ։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսը։