Արխիւ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Շարլ Միշել ընդգծեց ԵՄ-ի տեսակէտէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւորութիւնը։
Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Սահմանադրութեան օրը։ Պետական աւագանին այս կապակցութեամբ հրապարակած է պատգամներ։
Հանրապետութեան նախագատ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներէն Լինտսի Կրեհեմը։ Այս վերջինը ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի ազդու անուններէն մին է եւ տեղական մամուլը գրած է, թէ անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Անգարա։
Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ երէկ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Երեւանի մէջ:
Միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի ընթացքին շօշափուեցան բազմակողմանի համագործակցութեան եզրեր:
Զապէլ Եսայեանի կեանքն ու երկերը «Ինքլափ»էն. արտասովոր կնոջ մը դիւցազնային ոդիսականը:
Սօսի Անթիքաճեանի նոր գիրքին մէջ մեծանուն գրողը կը ներկայացուի այն գաղափարներով, որոնք անդրանցած են իր դարը:
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Անցեալ երկուշաբթի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին որոշուած էր այսօր խորհրդակցութեան ընդգրկել նորաստեղծ ընտրական մարմինները, որոնք կազմուած են՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան թեւակոխած է իր քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեայ յոբելենական շրջանը։ Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն ողջունեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռնադրութեան տարեդարձը Գնալը կղզիին մէջ, ուր ան զանազան արարողութիւններու հանդիսապետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեան գծով քարտուղար Սանճայ Վերման, որ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը շաբաթավերջին մեծ ձեռնարկ մը կազմակերպեց «Լիւթֆի Քըրտար» կեդրոնէն ներս:
Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ իրաւապաշտպաններ երկօրեայ քննարկումներ ծաւալեցին՝ փորձառութեան փոխանակման ձեւաչափին մէջ: Ծրագիրը հովանաւորուած էր ԵՄ-ի կողմէ:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Վերջերս կարդացինք Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերանորոգութեանց մասին տպաւորիչ մի քանի նկարներով հիմնադրութեան 190-ամեակին։ Մեզի պարտք կ՚իյնայ անտես չառնել մեր ազգին ու եկեղեցիին պատիւ բերող հաստատութեանց տարեդարձներն ու մանաւանդ անցեալի ու ներկայի բարերարները, որոնք հոգածու եղան այս վսեմ ու մնայուն հաստատութեան վերելքին իրենց նպաստը բերելով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մոսկուայի Արեւելքի պետական թանգարանին մէջ բացուած է եւ կը գործէ յատկանշանական ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած իսթանպուլահայ տաղանդաւոր նկարիչ Ժագ Իհմալեանի 100-ամեակին, որ լրացաւ 30 յունիսին: Ցուցահանդէսը հայկական մամուլին մէջ չլուսաբանուեցաւ եւ ոչ ալ նկարչի 100-ամեակին անդրադարձ եղաւ հայկական շրջանակներէն ներս, յուսանք տակաւին մամուլը կ՚անդրադառնայ ժամանակին փառք վայելած այս արուեստագէտին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի շուրջ ութ միլիառ մարդ, անոնք կը խօսին աւելի քան եօթ հազար լեզուով եւ կ՚ապրին աշխարհի եօթ տարբեր մայրցամաքի վրայ։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այսքան մարդ ու հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեն անոնք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ մտածումներ կ՚ունենամ այն անթիւ-անհամար «խոնարհներուն» մասին, որոնք տարածուած են ամէն տեղ։
Նախ մտապատկերիս մէջ, այն թաղերու անկիւններուն՝ ուրկէ անցած եմ, ուրկէ քալած եմ ու դեռ ալ պիտի քալեմ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ առեղծուածները շատ են, սակայն հաւանաբար անոնցմէ ամենէն անհասկնալին ու առեղծուածայինը կինն է, որ մինչեւ օրս անլուծելի հանելուկ որպէս կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ:
Առեղծուած՝ որովհետեւ անոր մէջ մարդ կրնայ տեսնել թէ՛ ամենէն հզօրը եւ թէ՛ ամենէն տկարը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նկատենք թէ ոչ, ժամանակը իր հետ կրցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան: Վերիվայր ըրաւ ամէն բան եւ այն երեւոյթը, որ բնական էր, դարձուց արտասովոր, իսկ արտակարգը՝ բնական:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ազգային գրադարաններու (CENL) տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ CENL-ի անդամ։
Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Առաջին անգամ լուսանկար մը՝ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններէն:
Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի երէկուան հանդիպումը տարբերուեցաւ նախորդներէն: Անգարա եւ Երեւան համաձայնութեան հասան՝ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն բանալու համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան վերջերս այցելեց Սթրազպուրկ, Ֆրանսա։ Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ 4-րդ դարու ճգնակեաց Աստուածաբան՝ Սուրբ Եւագր Պոնտացիին նուիրուած հայրաբանական միջազգային գիտաժողովի մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս միջոցէ մը ի վեր գործել սկսած է «Զուարթնոց» մշակութային նորաստեղծ յանձնախումբը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան ներքեւ։